ՔՆՆԱԿԱՆ ԲՆԱԳԻՐ

Երեւանի մէջ արդէն լոյս տեսաւ Յակոբ Օշականի «Ամբողջական գործեր» գիրքը։ «Խաչատուր Աբովեան» հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի գիտական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնին կողմէ հրատարակուած կոթողային աշխատանք մըն է այս մէկը։ Ըստ հրապարակուած հաղորդագրութեան, «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ լոյս ընծայած է վիթխարի գրագէտի, մեծանուն Յակոբ Օշականի «Ամբողջական գործեր» քննական բնագրերու առաջին հատորը: Հեղինակի առաջին՝ «Խոնարհները» ժողովածոյէն հարիւր տարի վերջ տպագրուած այս մեծածաւալ գիրքը կ՚ընդգրկէ փոքր արձակը ամբողջութեամբ՝ քերթուածներ, այդ կարգին՝ արձակ բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, հեքիաթներ եւ պատկերներ՝ անհրաժեշտ գիտական ծանօթագրութիւններով, բառարանով, անձնանուններու եւ գրականութեան ծաւալուն ցանկերով:

Յակոբ Օշականի երկերի՝ լիակատարութեան ձգտող այս ժողովածոն կը յաւակնի ամբողջացնել, եւ որ կարեւորն է, համեմատական ճանապարհով միասնական դարձնել գրողի հսկայական ժառանգութեան՝ վերջին հարիւր եւ աւելի տարիներու տարաբնոյթ հրատարակութիւններու գիտական նկարագիրը՝ մատենագիտական քննական լոյսի տակ։

Գրքի խմբագիրներ փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան եւ տոց. Քնարիկ Աբրահամեան մեկնած են ճանաչողական այն հիմնադրոյթէն, որ Յակոբ Օշականի ստեղծագործական կիզակէտը եղած է անդուլ ու տեւական երկխօսութիւնը համաշխարհային գրական-փիլիսոփայական բարձրաբերձ մակարդակ պահած, շարժում եւ աշխարհայեացք ձեւաւորած տիտաններու հետ։ Անոնք վերհանած են դարասկիզբի՝ ողբերգականօրէն ներհակ ժամանակի եւ ազգային բաւիղներու մէջ շլմորած անհատի երազանքը, ներաշխարհը, հայ-թուրք բազմածալ փոխյարաբերութիւնները, Պրուսայի աշխարհին մէջ ապրող հայութեան տառապանքն ու ինքնութեան դրսեւորումները։

Նկատենք, որ դիւրին չէ եղած կազմողներու ճանապարհը, որ սկսած է 2011 թուականէն ի վեր։ Անոնք յաղթահարած են օշականեան բնագրին մօտենալու դժուարութիւններ՝ սկսեալ նիւթերու ընդգրկումէն՝ ձեռագրերէ, ժամանակի մամուլի  որոնումներէ մինչեւ ծանօթագրման անհրաժեշտ մանրամասները, խմբագրական  համեմատական տքնանքը, շտկումներու եւ մեկնումներու անվերջանալի շղթան։

Գիրքը տպագրութեան երաշխաւորած է «Խաչատուր Աբովեան» հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի գիտական խորհուրդը: Արտաքին գրախօսներն են Երեւանի Պետական համալսարանի Հայ գրականութեան ամպիոնի վարիչ, փրոֆ.  Սամուէլ Մուրադեան եւ պատմական գիտութիւններու դոկտոր Յակոբ Չոլաքեան: Հրատարակութիւնը հովանաւորած են իսթանպուլահայ մտաւորականներ՝ ուղեգրող Արամ Գամպուրեանն ու թատերագիր, հանգուցեալ Արման Վարդանեան:

Խմբագիրները Օշականի փոքր արձակը երկիւղածութեամբ եւ սիրով կը յանձնեն Հայաստանի եւ սփիւռքահայ ընթերցողներու լայն ու խստապահանջ լսարանի դատին:

Սկիզբին գրասէր բարձրաճաշակ հանրութեան կը սպասեն Յակոբ Օշականի խոհագրութիւնները, վէպերը, թատրերգութիւնները, «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան» եւ քննադատական մեկնութիւններու այնքան սպասուած գիտական հատորները։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2020