1217 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ մեր բոլորին ուժը կախում ունի սահմանափակումներու նկատմամբ հնազանդութենէ։ «Ժահրը ի վերջոյ պիտի պարտուի», ըսաւ նախարարը։

Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց համաճարակի վերաբերեալ վերջին տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 80 հազար 302 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1217 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 19 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ՝ 795։ Ներկայ դրութեամբ 783 հիւանդի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։

Համաճարակի սկիզբէն ի վեր Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի հետեւանքով մահացած է 6 հազար 121 հիւանդ։ Ցայսօր ստուգուած 258 հազար 249 վարակեալէ 237 հազար 165-ը բուժուած է։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2020