ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏԿԵՐՈՒԻՆ «ՔՈՔԱ-ՔՈԼԱ»Ի ՇԻՇԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ
Երէկ, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ «Քոքա-Քոլա հելլէնիկ պաթլինկ քամփընի Արմենիա»ի միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը, ըստ որու՝ «Քոքա-Քոլա»ի շիշերու վրայ պիտի պատկերուին հայկական պատմամշակութային բարձր արժէք ներկայացնող յուշարձաններ: «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ, համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան մէջ: «Այս թողարկումը կ՚ըլլայ «Քոքա-Քոլա»ի՝ Հայաստանի մէջ 20-ամեայ գործունէութեան կապակցութեամբ: Նման քայլով պիտի հանրահռչակուի մեր պատմամշակութային ժառանգութիւնը», նշեց Հայաստանի Մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր-Վարդանեան:
Համագործակցութեան շրջանակէն ներս տուեալ արտադրանքի վաճառքէն ստացուած գումարի որոշակի մասը «Քոքա-Քոլա»ն կը տրամադրէ պատմամշակութային կոթողներու պահպանման ու վերականգման ուղղուած ծրագրերու իրականացման:
«Մենք արդէն քսան տարիէ ի վեր հայկական շուկային մէջ ենք եւ մենք զմեզ հայ պատմութեան մաս կը համարենք: Ծրագիրը մեր կազմակերպութիւնը կը կապէ դարաւոր պատմութիւն եւ մշակոյթ ունեցող երկրին հետ: Ան կրնայ օգնել մեր գործունէութեան եւ նպաստել Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման», ընդգծեց «Քոքա-Քոլա հելլէնիկ պաթլինկ քամփընի Արմենիա»ի գլխաւոր տնօրէն Սայորա Այուփովա:
Միւս կողմէ, պայմանագրի ժամկէտը կախեալ է արտադրանքի վաճառքէն եւ պահանջարկէն:
«Քոքա-Քոլա»ն նման կլոպալ նախագծեր վաղուց կ՚իրականացնէ՝ համագործակցելով տարբեր երկիրներու նախարարութիւններու հետ: