ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐ

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան վերջին օրերուն այցելեց Սուրիա։ Ուղեւորութեան ծիրէն ներս նախարարը առաջին առթիւ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ։ Ազգային առաջնորդարանէն ներս, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեանի կողմէ հիւրնկալուեցաւ նախարարը։ Ներկայ էին նաեւ Դամասկոսի մօտ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան եւ Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներէն Նորա Արիսեան։

Առաջնորդարանէն վերջ նախարար Մխիթար Հայրապետեան անցաւ տեղւոյն հայկական մայր եկեղեցին, ուր հանդիպեցաւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Հանդիպումը ընթացաւ հարցում-պատասխանի ձեւաչափով։ Ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան սփիւռքի նախարարին յղել զանազան հարցումներ։

Դամասկոսի առընթեր Մխիթար Հայրապետեան ուղղուեցաւ նաեւ Հալէպ։ Հարկ է նշել, որ 2011 թուականէն ի վեր, երբ սկսաւ Սուրիոյ ներքին պատերազմը, Մխիթար Հայրապետեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող առաջին պաշտօնեան եղաւ, որ այցելեց Հալէպ քաղաքը։

Նախարար Հայրապետեան Սուրիայէն վերջ անցաւ Լիբանան։ Պէյրութի մէջ ան հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Մխիթար Հայրապետեան այցելեց նաեւ Անթիլիաս, ուր հիւրընկալուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։ Անթիլիասի աղբիւրները այս կապակցութեամբ տեղեկացուցին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-ամեակին առիթով, երէկ, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանին եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ դեսպանատան ներկայացուցիչներուն, տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք։

Հանրապետական մաղթանքի աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս պատգամ մը տուաւ՝ շեշտելով հետեւեալ երեք կէտերը.

ա) Ազգի մը անկախութիւնը Աստուածատուր իրաւունք է։ Միաստուածեան երեք կրօններուն մէջ յատուկ կարեւորութեամբ շեշտուած է այս իրողութիւնը եւ յատկապէս քրիստոնութեան մէջ։ Աստուածատուր իրաւունք ըլլալով, ոեւէ մէկը իրաւունք չունի խլելու կամ բռնաբարելու ուրիշին խաղաղութիւնը։

բ) Հայկին ուղղած «ոչ»ը Բէլին եղաւ մնայուն մղում մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ ի խնդիր Հայաստանի անկախութեան պահպանման։

գ) Եկեղեցւոյ առաքելութեան անբաժան մասը կը կազմէ խաղաղութեան համար գործել ու նոյնիսկ իմացեալ մահով պաշտպանել խաղաղութիւնը որպէս Աստուածատուր իրաւունք։ Այսպէս եղած է մեր եկեղեցւոյ պատմութիւնը։

Իր պատգամի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն ամուր պահելու Հայաստանի անկախութիւնը՝ հայրենաշինութեան մեր գործօն մասնակցութեամբ։

Հանրապետական մաղթանքէն ետք, Արամ Ա. Կաթողիկոս գրասենեակին մէջ ընդունեց նախարարը՝ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեամբ։ Նախարար Հայրապետեան իր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց Անթիլիասի մէջ գտնուելու իրեն ընծայուած առիթին համար։

Իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը նախարարին իրազեկ դարձուց սփիւռքին ներկայ իրավիճակը եւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները։ Հանդիպումը նաեւ առիթ եղաւ արծարծելու Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան, Հայաստանէն ներս անցնող ամիսներուն տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ ներկայիս տիրող կացութեան մասին։ Աւարտին, նախարարը Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը աւելի սերտացնելու եւ ամրացնելու իր պատրաստակամութիւնն ու յանձնառութիւնը յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին։

Յայտնենք, որ նախարարը այցելեց Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարան, Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան-մատուռ, Հայաստանի անկախութեան յուշակոթող, ինչպէս նաեւ շրջեցաւ Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակը։

Հարկ է նշել, որ Մխիթար Հայրապետեան այս շրջանին իրերայաջորդ այցելութիւններ կու տայ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու հայկական համայնքներուն։ Նախապէս յայտարարուած էր նաեւ, որ ան յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ նաեւ Եգիպտոս։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2018