ՄՏՔԵՐՈՒ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին այցելութիւն մը տուաւ Ֆրանսա, ուր Շամոն քաղաքին մէջ մասնակցեցաւ Մտքերու գագաթաժողովին, որ կը կազմակերպուի ամէն տարի։ 28 երկրէ 300 ներկայացուցիչ մասնակցեցաւ այս գագաթաժողովին, որու ընթացքին բազում քննարկումներ ծաւալուեցան արդի աշխարհէ ներս ներդրումային ու ռազմավարական որոշումներ կայացնելու հնարաւորութիւններու ընդլայնման եւ անոնց մէջ մարդու դերակատարութեան շուրջ։ Գագաթաժողովի մասնակիցները անդրադարձան համաշխարհային տնտեսական մաքօ միտումներուն, անոնց ներդրումներու եւ տնտեսական ռազմավարութեան վրայ ազդեցութեան, ինչպէս նաեւ խօսեցան այսօրուայ եւ վաղուայ աշխարհի արագութեան եւ անկայունութեան յարմարուելու, անոնցմէ օգտուելու հնարաւորութիւններուն շուրջ։

Արմէն Սարգսեան գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս ելոյթ ունեցաւ որպէս գլխաւոր բանախօս։ Ան իր տեսակէտներն ու մօտեցումները ներկայացուց օրակարգի նիւթերու եւ արդի աշխարհէ ներս տեղի ունեցող իրադարձութիւններու կամ մարտահրաւէրներու կապակցութեամբ։

Հարկ է նշել, որ Շամոնի տարեկան գագաթաժողովը կը նախորդէ Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ ամէն տարի կազմակերպուող Համաշխարհային տնտեսական համաժողովին եւ յայտնի է «Փոքր Տաւոս» անուանումով։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Շամոնի գագաթաժողովին մասնակցելու ժամանակ Արմէն Սարգսեան հանդիպումներ ունեցաւ այնտեղ ներկայ շարք

մը համաշխարհային խոշորագոյն ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ։ Այդ ընկերութիւններու շարքին էին՝ Google, Nasdaq, Gallup, McKinsey, Nestlé, Groupe Accor, Publicis, եւ այլն։ Նախագահը անոնց հետ քննարկեց Հայաստանի գործարար միջավայրը եւ ներդրումներու ներգրաւման հնարաւորութիւնները։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2018