ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Դիմագիրք»ի իր էջին վրայ շաբաթավերջին հրապարակեց ուշագրաւ լուսանկար մը։ Այսպէս, սա Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի լուսանկարն էր։ Հայաստանի վարչապետն ու Նորին Սրբութիւնը շաբաթավերջին միասնաբար ուղեւորուեցան Նիւ Եորք։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վարչապետը այս լուսանկարը որակեց պատմական։ «Սա պատմական լուսանկար է։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ սա հայոց պատմութեան մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Հայաստանի ղեկավարի առաջին սելֆին է։ Վեհափառի հետ կը մեկնինք Նիւ Եորք», գրեց այս առթիւ «Դիմագիրք»ի իր էջին վրայ Նիկոլ Փաշինեան։

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԱԿ-Ի ՆՈՐ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԻ ԲԱՑՄԱՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը շաբաթավերջին մեկնեցաւ Նիւ Եորք։ Նիկոլ Փաշինեան այս օրերուն մասնակցութիւն կը բերէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 73-րդ նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն։ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակից պատուիրակութեան մաս կը կազմէ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, պատուիրակութեան Նիւ Եորքի շփումները պիտի շարունակուին մինչեւ 28 սեպտեմբեր։ Աշխատանքային այցելութեան շրջանակներէն ներս նախատեսուած են թէ՛ Նիկոլ Փաշինեանի եւ թէ Զօհրապ Մնացականեանի երկկողմանի հանդիպումները՝ շարք մը երկիրներէ իրենց պաշտօնատարներուն եւ այլ միջազգային կառոյցներու ղեկավարներու հետ։

Նիկոլ Փաշինեան ելոյթով մըն ալ հանդէս պիտի գայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին առջեւ։ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն վերջ սա նոր ղեկավարութեան հայեացքն ու պատգամները միջազգային հանրութեան ուղղակիօրէն փոխանցելու տեսակէտէ կարեւոր հնարաւորութիւն մը կը համարուի։ Նիւ Եորքի մէջ նախատեսուած է նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէսի հետ։

Նոյնպէս պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիւ Եորքի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը կ՚այցելէ նաեւ «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանը, ուր այս օրերուն բացուած է «Հայաստան» խորագրեալ մեծ ցուցահանդէս մը։ Այցելութեան այս փուլին ներկայ կ՚ըլլայ նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Նիւ Եորքի մէջ երէկ Փաշինեան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Կութերէս Նիկոլ Փաշինեանը հիւրընկալելու ընդառաջ յայտարարեց. «Մենք վերջերս ականատես եղանք իշխանութիւնը խաղաղ փոխանցելու ֆանթասթիք օրինակի մը, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ։ Սա ֆանթասթիք օրինակ մըն է, որ կը վկայէ այն մասին, թէ պատճառներ կան հաւատալու, որ նոր սերունդը ընդունակ կ՚ըլլայ աւելի լաւ որոշումներ կայացնելու, քան իմ սերունդը»։

Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան Նիւ Եորք ուղեւորուելէն առաջ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեէն յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Զօհրապ Մնացականեան, որ սեպտեմբերի 26-ին պիտի տեսակցի Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Հարցազրոյցի ընթացքին Մնացականեան վերահաստատեց հայկական կողմի դիրքորոշումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին կապակցութեամբ։ «Մենք կը շարունակենք մնալ շինիչ։ Հայաստան կը շարունակէ շինիչ աշխատիլ խաղաղ բանակցութիւններու գործընթացի շրջանակներէն ներս եւ աշխատիլ բոլոր հարցերու շուրջ, որովհետեւ բանակցութիւններու միջոցաւ է, որ մենք կրնանք լուծումներ գտնել», ըսաւ Զօհրապ Մնացականեան հարցազրոյցի ընթացքին։

Միւս կողմէ, կարգ մը աղբիւրներ հաւանական կը նկատեն նաեւ Նիւ Եորքի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ տեսակցութեան մը տեղի ունենալը։ Այս մասին պաշտօնական աղբիւրները տակաւին վերջնական ոչինչ հաղորդած են։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2018