ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ԴԱՐՁԵԱԼ ԶՈՀ

Շաբաթավերջին Արցախի ճակատին վրայ զոհուեցաւ հայ զինուոր մը։ Այսպէս, սեպտեմբերի 22-ին, ժամը 16.00-ի սահմաններուն, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ Ատրպէյճանի զօրքերու կողմէ արձակուած կրակոցին թիրախը դարձաւ Արցախ Յովսէփեան (1998)։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դէպքի մանրամասնութիւնները ճշդելու համար ձեռնարկուած է քննութեան։ Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ կը բաժնէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ նահատակեալ զինուորի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն, եւ իր ծառայակիցներուն։

Միւս կողմէ, Արցախ Յովսէփեան յետմահու պարգեւատրուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2018