16 ՏԱՐԻ ԱՆՑ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀ

Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան արտահերթ համագումարը։ Արդիւնքին Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ ընտրուեցաւ Արթուր Վանեցեան։ Այս վերջինը, ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետն է։ Արթուր Վանեցեանէ զատ թեկնածու մը չկար Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահի պաշտօնին համար։

Հարկ է նշել, որ վերջին տասնվեց տարիներուն Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը կը գլխաւորուէր Ռուբէն Հայրապետեանի կողմէ։ Այս վերջինը արտահերթ համագումարին մասնակցութիւն ալ չբերաւ եւ արդէն միջոցէ մը ի վեր գործնականօրէն թողած էր իր պաշտօնը։

Մինչ այդ, Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան արտահերթ համագումարին որպէս պատուոյ հիւր մասնակցութիւն բերաւ Խրուաթիոյ ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Տաւոր Շուքէր։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2018