Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ. «ԿԱՆՈՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ Է, ՍԱԿԱՅՆ ԿԱՆ ՑԱՒԱԼԻ ԿԷՏԵՐ»
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առաւօտ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի համար հակիրճ ձեւով մեկնաբանեց պատրիարքական ընտրութեան համար պետութեան կողմէ հասած կանոնադրութիւնը։ Ըստ իրեն, կանոնադրութեան հասած ըլլալը ողջունելի է, սակայն կարգ մը կէտերը կը համարուին ցաւալի։ Նորին սրբազնութիւնը մեզի յայտնեց հետեւեալը.
«Մեր համայնքը երկար ատենէ ի վեր կը սպասէ պատրիարքական ընտրութեան։ Տասնամեակէ մը աւելի է, որ դժբախտաբար թափուր է մեր դարաւոր Պատրիարքական Աթոռը։ Երանաշնորհ ու սիրեցեալ մեր պատրիարքին՝ հոգելոյս Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի վախճանումէն վերջ բնականաբար պատրիարքական ընտրութեան հեռանկարը եղաւ անշրջադարձելի։ Մեր համայնքէն ներս բոլոր պատրաստութիւնները կատարուեցան եւ ուրախառիթ է, որ տրամաբանական ժամկէտի մը մէջ պետութեան կողմէ մեզի հասած է կանոնադրութիւնը։ Սա խնդրի ողջունելի, դրական կողմն է, սա կը համարուի հաւաքական ձեռքբերում մը։ Միւս կողմէ, սակայն, կանոնադրութեան կարգ մը կէտերը կը համարուին ցաւալի։ Ընդհանուր տրամաբանութիւնը թէեւ ներհակ չէ մեր աւանդութիւններուն, սակայն այսօրուան պայմաններով շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար, եթէ սահմանափակումներ չըլլային մեր արտասահմանի հոգեւոր եղբայրներու թեկնածութեան ուղղութեամբ։
«Նախապէս ալ առիթով մը արտայայտուած էի հրապարակաւ։ Այս երեւոյթը մեր համայնքէն քանի մը տխուր դէմքերու միջամտութեան, նեղ շրջանակի շահադիտական անտեղի միջամտութիւններու հետեւանքն է։ Անոնք, որոնք այս համայնքի երկարաժամկէտ շահերը չեն մտածեր, չեն կրնար արդարանալ մեր ժողովուրդին առջեւ եւ իրենց տխուր հաշիւները դատապարտուած են ձախողման։
«Մեր համայնքը պէտք է լաւագոյնս նժարի վրայ դնէ այժմ ստեղծուած կացութիւնը։ Հետամուտ պէտք է ըլլանք արդար ընտրութիւն մը կազմակերպելու։ Յառաջիկայ շրջանին համար պէտք է դաս քաղենք մեր թոյլ տուած սխալներէն։ Ճար մը պէտք է գտնուի առանց գործընթացը աւելի երկարաձգելու գոհացնելու համար մեր ժողովուրդին սպասումը՝ պատրիարքական ընտրութեան ձեռնարկելու ուղղութեամբ։ Մեր ներքին տարակարծութիւնները ինչ որ ալ ըլլան, պէտք է հասարակաց յայտարար մը գտնենք այդ բոլորը հարթելու համար եւ համապատասխան ճիգերը գործադրելու ժամանակ այլեւս պէտք է հեռու մնանք պետութեան գործօնը շահարկելէ եւ ամբոխավարական ձգտումներով պետութեան հակադրուելու տխուր որոնումներէն, ինչ որ մեզ կրնայ տանիլ անելի։
«Մեր համայնքի զաւակները այսօր պէտք է ըլլան համախումբ, որպէսզի յաջորդ քայլափոխին նոր ընտրուելիք պատրիարքէն պահանջեն՝ հետեւողական ըլլալ Պատրիարքական Աթոռի տասնամեակներէ ի վեր կուտակուած խնդիրներու լուծման անյապաղ ձեռնամուխ ըլլալու համար։
«Մենք կ՚աղօթենք, որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ Բարձրեալի Ս. Աջի հովանիէն չզրկուի մեր համայնքը եւ Ս. Հոգին մեզ առաջնորդէ՝ պատրիարքական ընտրութեան գործը պատուով գլուխ հանելու եւ մեր ժողովուրդի զաւակները եղբայրութեան ոգիով, միասնականութեամբ համախմբելու ճանապարհին»։