ՔՐՏԵՐԷՆՈՎ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Իսթանպուլի Քաղաքապետական թատրոնը պատմութեան մէջ առաջին անգամ իր ծրագրին մէջ տեղ կու տայ քրտերէն ներկայացումի մը։ Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Քաղաքապետական թատրոնը կ՚աջակցի մասնաւոր թատերախումբերուն, որոնք կը դիմագրաւեն դժուարութիւններ։ Այս ծիրէն ներս Քաղաքապետական թատրոնը որոշած է յառաջիկայ ամսուայ իր խաղացուցակին մէջ ընդգրկել «Պերիւ» կոչուած քրտերէն ներկայացումը։ Սա կը բեմադրուի «Մեզոփոթամիա» մշակութային միութեան թատերախումբին կողմէ։

Քաղաքապետական թատրոնը ներկայ շաբթուայ սկիզբին Հարպիյէի «Մուհսին Էրթուղրուլ» թատրոնի շէնքէն ներս կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսով մը ծանօթացուց նոր խաղաշրջանի ծրագիրը։

Հարկ է նշել, որ Քաղաքապետական թատրոնը ունի 106 տարուան անցեալ մը եւ առաջին անգամ նախատեսուած է քրտերէն ներկայացում մը, որու բեմադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կազիօսմանփաշայի թատերասրահէն ներս։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2020