ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ «ԱՒՐՈՐԱ» ՄՐՑԱՆԱԿԸ ՊԻՏԻ ՅԱՆՁՆՈՒԻ ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՄԷՋ

«Աւրորա» մրցանակի յանձնման արարողութիւնն ու զուգահեռ ձեռնարկները այս տարի տեղի պիտի ունենան Վենետիկի մէջ, Իտալիա։ Համանուն մարդասիրական նախաձեռնութիւնը մշակած է բազմակողմանի ծրագիր մը, որ կեանքի պիտի կոչուի 8-10 հոկտեմբերին։ ««Աւրորա»ն Վենետիկի մէջ. մարդասիրութեան փառաբանում» կարգախօսով նախատեսուած ձեռնարկները պիտի ցոլացնեն երախտագիտութեան եւ միասնականութեան համընդհանուր արժէքները։ Ըստ ձեւաւորուած աւանդոյթին, այս մրցանակի շնորհման իւրաքանչիւր արարողութիւն կ՚ըլլայ հանգամանօրէն մտածուած մշակութային համադրութիւն մը՝ ի փառաբանումն մարդկայնութեան համընդհանուր ոգիի եւ մերօրեայ հերոսներու։

Հոկտեմբերի 9-ին, Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիին մէջ, Մխիթարեան միաբանութեան մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ տեղի պիտի ունենայ համերաշխութեան աղօթք մը, որուն պիտի մասնակցին հոգեւոր ու պետական առաջնորդներու, միջազգային մարդասիրական համայնքի ներկայացուցիչներ։ Արարողութիւնը երգչախումբի կենդանի կատարումներով պիտի ընթանայ։

2021 թուականի «Աւրորա» մրցանակի շնորհման արարողութիւնը պիտի իրականացուի «Վեր յառնելով միասին» խորագրին ներքեւ։ Հանդիսավարները պիտի ըլլան «Ամալ Քլունի» կրթաթոշակառու, «UCW» Դիլիջանի քոլէճի շրջանաւարտներէն Թալիա Աթալլահ (Լիբանան) եւ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթի փոխ-խմբագիր, սիւնակագիր Տէյվիտ Իգնատիուս, որ «Աւրորա»ի երկարամեայ բարեկամներէն մին է։ Ձեռնարկի խորագրի նախընտրութիւնը կը ցոլացնէ այս նախաձեռնութեան յանձնառութիւնը՝ գործնականօրէն երախտագիտութիւն արտայայտելու համար բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք աւելի քան հարիւր տարի առաջ փրկեցին հայերը եւ օգնեցին, որպէսզի անոնք վերածնին։ Խորագիրը նաեւ կ՚արտացոլէ գթասրտութեան, միասնականութեան եւ համագործակցութեան յաւերժական արժէքները, որոնք թոյլ կու տան յաղթահարելու աշխարհի ամենահրատապ մարդասիրական խնդիրները՝ ներառեալ, միասնական պայքարը քորոնաժահրի համաճարակին ու անոր հետեւանքներուն դէմ։

Մրցանակի յանձնման արարողութեան ընթացքին կատարումներով հանդէս պիտի գան ծիրանափողի վարպետներ Արամ Իփեքճեան եւ Ճիվան Գասպարեան կրտսերը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի «Հովեր» պետական սենեկային երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Սօնա Յովհաննիսեանի։ Այս խումբը համբաւ ձեռք բերած է խմբերգային փորձարարական կատարումներով եւ հայկական երգչախմբային ժառանգութիւնը աշխարհին ծանօթացնելով։

Այս տարուան «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիրը յայտնի պիտի դառնայ մրցանակի շնորհման արարողութեան իսկ ընթացքին։ Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներու անունով, ի երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներու, մրցանակակիրը պիտի պարգեւատրուի 1 միլիոն ամերիկեան տոլարով, ինչ որ բացառիկ հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ՝ շարունակելու համար նուիրատուութեան շղթան՝ աջակցելով այն կազմակերպութիւններուն, որոնք կ՚օգնեն կարիքաւորներուն։ Արարողութեան եզրափակիչ փուլին կատարումներով հանդէս պիտի գայ իտալացի աշխարհահռչակ թենոր, մաէսթրօ Անտրէա Պոչելլի։

Մրցանակի շնորհման արարողութենէն յետոյ, ըստ ձեւաւորուած աւանդութեան, 2021 թուականի «Աւրորա» մրցանակի դափնեկրի անունը պիտի արձանագրուի «Մատեան մարդասիրաց» եզակի ձեռագրին մէջ։ Այս վերջինը իւրօրինակ տարեգիրք մըն է, որու մէջ կը ներկայացուի «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան գործունէութիւնը։ Մեր օրերուն կազմակերպուած, իր տեսակին մէջ եզակի այս ձեռագիրը ստեղծուած է 2018 թուականին, Երեւանի մատենադարանին մէջ՝ հայկական հնագոյն թեքնիքի եւ նիւթերու օգտագործումով։ «Մատեան մարդասիրաց» ձեռագիրը առաջին անգամ դուրս պիտի բերուի Մատենադարանէն ու պիտի տեղափոխուի Սուրբ Ղազար կղզի, որ շատ յատկանշական վայր մըն է, աշխարհի վրայ հայկական կարեւորագոյն մշակութային օճախներէն մին է, ուր 1512 թուականին հրատարակուած է առաջին տպագիր հայալեզու գիրքը։

«Աւրորա»ի Վենետիկի ձեռնարկներու ծրագիրը կ՚ընդգրկէ նաեւ երկու քննարկում՝ «Aurora Dialogues»ի շրջանակին մէջ։ Ամենահրատապ մարդասիրական մարտահրաւէրներուն շուրջ պիտի ընթանան քննարկումները։ Հոկտեմբերի 8-ին նախատեսուած է «Հանդիպում 2021 թուականի «Աւրորա»ի հերոսներու հետ» խորագրեալ քննարկումը, որու ընթացքին հերոսները պիտի պատմեն իրենց գործունէութեան մասին։ Հոկտեմբերի 10-ին նախատեսուած է յայտագրին ներառուած երկրորդ քննարկում մը, որու նիւթն է «Առողջապահական անվտանգութեան մարդասիրական կողմերը»։ Քորոնաժահրի համաճարակի ընթացքին յառաջացած խնդիրներն ու անոնց հետեւանքները խոշորացոյցի տակ պիտի առնուին այս քննարկման ժամանակ, ինչ որ օգտակար պիտի ըլլայ եւ կարեւորութիւն կրնայ ներկայացնել ապագայ հաւանական համաճարակները կանխելու ուղղութեամբ։

Միւս կողմէ, միեւնոյն ժամանակ, կը շարունակուին 2022 թուականի «Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակի համար թեկնածուներու առաջադրումները։ Մինչեւ հոկտեմբերի 31-ը ժամկէտ սահմանուած է այս նպատակով։ Իւրաքանչիւր անձ կրնայ առաջարկել իր թեկնածուն, որ պէտք է յաղթահարած ըլլայ անձնական մեծագոյն մարտահրաւէրներ ուրիշներուն օգնելու համար։

««Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւն» հիմնադրամը կը ձգտի լուծել աշխարհի զանազան անկիւններէ ներս մարդասիրական խնդիրներ, տեղւոյն վրայ օգնելով ամենակարիքաւորներուն։ Այս նախաձեռնութիւնը ունի հայկական պատմական արմատներ, որովհետեւ ան ստեղծուած է ցեղասպանութիւնը վերապրածներու անունով՝ ի երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներու, ձգտելով վերափոխել այս փորձառութիւնը համաշխարհային շարժման։ Ամբողջ գործունէութիւնը խարսխուած է համամարդկային՝ «Երախտագիտութիւնն՝ ի գործ» գաղափարին վրայ։ Սա կը նշանակէ, որ աշխարհի վրայ անհամար մարդիկ, որոնք ճգնաժամի պահուն օգնութիւն ստացած են, իրենց երախտագիտութիւնը լաւագոյնս կրնան արտայայտել՝ նոյնպիսի աջակցութիւն տրամադրելով ուրիշի մը։ Ներգրաւելով «Աւրորա»ի աջակիցները աշխարհով մէկ՝ նախաձեռնութիւնը կը վերածուի համաշխարհային շարժման եւ «ձնագնդի» ազդեցութեամբ կ՚ընդլայնէ փրկողներու շրջանակը եւ ամենակարեւորը՝ կը մեծնայ փրկուածներու թիւը։

Դիմագրաւելով մարդասիրական հրատապ խնդիրները՝ այս նախաձեռնութիւնը երկրորդ հնարաւորութիւն մը կ՚ընձեռէ բոլոր անոնց համար, որոնք այդ բանին կարիքը ունին ամենաշատը։ Նախաձեռնութիւնը հաւատարիմ կը մնայ իր տեսլականին. «Մենք կը հաւատանք, թէ նոյնիսկ պատմութեան ամենադժուարին պահերուն լուսաւոր ապագան կը գտնուի ձեռքերուն մէջ այն մարդոց, որոնք կ՚օգնեն եւ յոյս կը պարգեւեն այլոց»։ «Աւրորա» կ՚ողջունէ բոլոր անոնք, որոնք կ՚ընդունին այս գաղափարախօսութիւնը։

Սոյն յանձնառութեան նպատակն է խթանել գործողութիւններու վրայ հիմնուած բարեխօսութիւնը, որ շօշափելի արդիւնք պիտի ապահովէ։ Սա կ՚իրագործուի այս նախաձեռնութեան զանազան ծրագրերուն միջոցաւ։ «Աւրորա»ն մարդասիրական ձեռնարկն է իր բարերարներուն՝ հոգելոյս Վարդան Գրիգորեանի, Նուպար Աֆէեանի եւ Ռուբէն Վարդանեանի, որոնց արդէն միացած են հազարաւոր աջակիցներ եւ գործընկերներ։ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը աշխարհի վրայ երեք կազմակերպութեան կողմէ կը ներկայացուի. «Aurora Humanitarian Initiative» հիմնադրամ (Նիւ Եորք, ԱՄՆ), «100 Lives» հիմնադրամ (Ժընեւ, Զուիցերիա) եւ ««Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւն» բարեգործական հիմնադրամ (Երեւան, Հայաստան)։ 

Համանուն համաշխարհային մարդասիրական մրցանակի առաքելութիւնն է ճանաչման արժանացնել այն մարդիկ, որոնք սեփական կեանքը, առողջութիւնը կամ ազատութիւնը վտանգի կ՚ենթարկեն, որպէսզի փրկեն կեանքը, առողջութիւնը կամ ազատութիւնը այն մարդոց, որոնք կը տառապին հակամարտութիւններու, մարդկութեան դէմ գործուած յանցանքներու կամ մարդու իրաւանց այլ լուրջ խախտումներու հետեւանքով։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2021