ԾԱՅՐԱՅԵՂ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութիւնը այնպիսի համեմատութիւններու հասած է, որ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնն ալ առկայ խնդիրներուն վրայ կեդրոնացած կը մնայ՝ հակառակ հրատապ մնացեալ բոլոր հարցերուն։ Երեւանի ղեկավարութիւնը ստեղծուած իրավիճակին մէջ բոլոր հարթակներուն վրայ ահազանգ կը հնչեցնէ՝ երկրի տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան պահպանման ուղղութեամբ։ Այս շրջանակին մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան բազմակողմանի շփումներ կ՚ունենան Նիւ Եորքի մէջ, ուր կը գտնուին ՄԱԿ-ի նոր՝ 77-րդ նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն մասնակցելու համար։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի, Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի եւ աշխարհի այլ երկիրներու ղեկավարներու հետ։ Իր կարգին, Արարատ Միրզոյեանն ալ Նիւ Եորքի մէջ շարունակեց երկկողմանի հանդիպումները՝ մէկտեղուելով Եգիպտոսի Արտաքին գործոց նախարար Սամիհ Շիւքրիի եւ այլ պաշտօնակիցներուն հետ։

Նիւ Եորքի մէջ է նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, որ երէկ տեսակցեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ Ծանօթ է, որ այս վերջինը նախօրէին հանդիպած էր նաեւ Արարատ Միրզոյեանի հետ՝ նոյնպէս Նիւ Եորքի մէջ։

Բաց աստի, Մոսկուայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) Տնտեսական խորհուրդի ժողովը։ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան մասնակցեցաւ այս ժողովին, որու ծիրէն ներս զրոյց մըն ալ ունեցաւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Եագուպ Էյուպովի հետ։ Մինչ այդ, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնն ալ երէկ շարունակեց Երեւանի մէջ շփումները՝ ընդունուելով մասնաւորապէս Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահէ Գէորգեանի կողմէ։

Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքի երէկուան բոլոր շփումներուն ընթացքին ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, թէ Ատրպէյճանի լայնածաւալ բռնութեան հետեւանքով Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքները բռնագրաւուած են։ Անթոնիօ Կութերես եւ Շարլ Միշել այս կապակցութեամբ արտայայտեցին խոր մտահոգութիւն։ Իր կարգին, Իրակլի Ղարիպաշվիլի նշեց, որ վրացական կողմը պատրաստակամ է տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման ուղղութեամբ իր նպաստը բերելու։

Երեւանի մէջ ալ Սթանիսլաւ Զասի կողմէ գլխաւորուած ՀԱՊԿ-ի շփումներուն ընթացքին հայկական կողմը յստակօրէն բանաձեւեց իր սպասումները այս կազմակերպութենէն։ Այսպէս, Հայաստան ՀԱՊԿ-էն յատուկ գործողութիւններ կ՚ակնկալէ իր տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման ուղղութեամբ, նաեւ կը պահանջէ միջոցներ ձեռք առնել, որպէսզի սահմանի վրայ ապագայ մագլցումները կամ սրացումները կանխարգիլուին։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2022