ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԻՆ ՊԱՐԳԵՒ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Սուրբ Գրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր տնօրէն տքթ. Հրայր Ճէպէճեան վերջերս շքանշանով մը պարգեւատրուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ։ Այսպէս, Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի երդիքին տակ մեծարանքի հանդիսութիւն մը կազմակերպուած է ի պատիւ Հրայր Ճէպէճեանի։ Այս առթիւ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարքը հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ օրուան մեծարեալին յանձնած է «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը, որ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բարձրագոյն պարգեւն է։

Պարգեւատրման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայկական համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր, ինչպէս նաեւ մեծարեալին բարեկամական շրջանակները։ Մինչ բոլորը ուրախակից էին տքթ. Հրայր Ճէպէճեանին, ստեղծուած ջերմ մթնոլորտին մէջ հնչեցին սրտի խօսքեր։ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարքին կողմէ այս առթիւ տրուած կոնդակին մէջ ալ մասնաւորապէս ընդգծուած են Հրայր Ճէպէճեանի կողմէ ծաւալուած գործունէութեան առանցքային ուղղութիւնները, ինչ որ բարձր գնահատանքի առարկայ դարձուած է։ Հանդիսութեան ընթացքին տքթ. Հրայր Ճէպէճեանն ալ հանդէս եկած է շնորհակալութեան խօսքով մը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2022