ՀԵՍՓԸԼԻ ԱՅՑԸ ԹՈՒՐՔԻԱ

CIA-ի տնօրէնուհի Ճինա Հեսփըլ այս օրերուն կ՚այցելէ Թուրքիա։ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի հաղորդումներով, ան հանդիպում մը կ՚ունենայ ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտանի հետ։ Ամերիկեան կողմը տեղեկութիւն կը պահանջէ՝ կառավարութեան ձեռքը գտնուող շարք մը ապացոյցներու եւ փաստաթուղթերու կապակցութեամբ։

Ճինա Հեսփըլ առաջին անգամ Թուրքիա կ՚այցելէ՝ CIA-ի տնօրէնի հանգամանքով։ Այս այցելութեան շուրջ CIA-ի կողմէ որեւէ յայտարարութիւն չէ կատարուած։ Ճինա Հեսփըլ մօտէն կը ճանչնայ Թուրքիան, նաեւ թրքախօս է։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2018