ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ HORASIS-Ի ՏԱՐԵԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Ժընեւ, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ գերմանացի ձեռնարկատէր Ֆրանք-Եուրկէն Ռիխթէրի հետ։ Այս վերջինը միեւնոյն ժամանակ Զուիցերիոյ մէջ գործող «Horasis» կեդրոնի հիմնադիր նախագահն է։

«Horasis»ը անկախ վերլուծական կեդրոն մըն է, որ կը կազմակերպէ հանդիպումներ՝ առաջարկելու համար ռազմավարական լուծումներ այն մարտահրաւէրներուն, որոնց հետ մեր օրերուն կ՚առերեսուին աշխարհն ու ընկերութիւնները։ «Horasis»ի հանդիպումներու մասնակիցներու շարքին կը գտնուին յայտնի հանրային դէմքեր, պետական ղեկավարներ եւ միջազգային ընկերութիւններու տնօրէններ։

Ֆրանք-Եուրկէն Ռիխթէր առաջարկեց՝ որպէսզի Արմէն Սարգսեան յաջորդ տարի Փորթուգալի մէջ նախատեսուած «Horasis»ի տարեկան հանդիպման ընթացքին հանդէս գայ՝ որպէս յատուկ բանախօս։ Նախագահ Սարգսեանն ալ առաջարկեց «Horasis»ի յաջորդ հանդիպումներէն մէկը Հայաստանի մէջ կազմակերպելու հնարաւորութեան ուսումնասիրուիլը։

Զրուցակիցները կարեւորեցին նաեւ համագործակցութիւնը Հայաստանի վերլուծական կեդրոններուն հետ, ինչպէս նաեւ համատեղ ծրագրերը կրթութեան ոլորտէն ներս։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2018