ՓՈՒԹԻՆԻ ԵՒ ՊՈԼԹԸՆԻ ՄԻՋԵՒ ԼԱՐՈՒԱԾ ԶՐՈՅՑ ՄԸ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթընը։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութինի եւ Պոլթընի զրոյցը անցաւ որոշ չափով լարուած մթնոլորտի մը մէջ։ «Որքան գիտեմ՝ ԱՄՆ-ի պետական զինանշանին վրայ նկարուած է արծիւ մը։ Թեւերէն մէկուն վրայ կայ 13 հատ ձիթապտուղ՝ ի նշան խաղաղութեան։ Մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող ձիթապտուղները արծիւը կերա՞ւ», ըսած է Փութին հանդիպման ընթացքին։

ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ վերջերս որոշած է միակողմանիօրէն դուրս գալ Միջին հեռահարութեամբ հիւլէական զօրքերու համաձայնութենէն։ Այդ որոշումէն վերջ առաջին անգամ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը կ՚այցելէ Մոսկուա։ Նոյն որոշման բերումով հանդիպումը անցած է որոշ չափով լարուած մթնոլորտի մը մէջ։

Զրոյցի ընթացքին Փութին յայտնեց, որ Մոսկուա չի փոխադարձեր սադրանքներուն։ Հակառակ բոլոր ժխտական գործօններուն, երկու երկիրներու միջեւ առեւտուրի ծաւալը թափով կը մեծնայ։ Փոխադարձ ներդրումները կ՚աւելնան։ Ռուս ներդրողներու կողմէ ԱՄՆ-ի մէջ կատարուած ներդրումները՝ Ռուսաստանի մէջ կատարուածներուն կրկնապատիկն է։ «Կը լսենք, որ ԱՄՆ անջրպետի մէջ հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգեր տեղադրել կը պատրաստուի», ըսաւ Փութին հանդիպման ընթացքին։

Իր կարգին, Պոլթըն լարուածութենէ խուսափելու համար նախընտրեց յարաբերաբար աւելի մեղմ ոճով մը արտայայտուիլ։ Ան յայտնեց, որ Մոսկուայի շփումներուն ընթացքին հանդիպած է բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։ «Նախագահ Թրամփի մօտեցումները պիտի բացատրեմ, սակայն ես հետս չեմ բերած ձիթենիի ճիւղեր եւ ձիթապտուղներ։ Ինչպէս գիտէք, մեր պետական զինանշանին վրայ արծիւի աջ կողմին կ՚երեւին ձիթենիի ճիւղերը։ Իրականութեան մէջ սա ցոյց կու տայ, որ մեր երկրի առաջնահերթութիւնը խաղաղութիւնն է», ըսաւ Պոլթըն հանդիպման ընթացքին։

Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը Մոսկուայէ վերջ կ՚ուղղուի դէպի Հարաւային Կովկաս, ուր յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ նաեւ Հայաստան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2018