ՕՐ ՈՂՋԱԳՈՒՐՄԱՆ

Սեփական լրատուութիւն.-

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր յետմիջօրէին Վատիկանի մէջ հանդիպում մը կ՚ունենայ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։

Ինչպէս ծանօթ է, Վեհափառ Հայրապետը անցեալ շաբաթավերջին մեկնած էր Միլանօ՝ ուր նախագահած էր տեղւոյն Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ կառուցման եւ օծման 60-ամեակի յոբելենական արարողութիւններուն։ Երէկ օրուան երկրորդ կէսին, աւարտելով Միլանոյի ծրագիրը՝ Վեհափառ Հայրապետը անցաւ Հռոմ։ Տեղւոյն Ս. Վլաս հայկական եկեղեցւոյ մէջ Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութեամբ։ Հռոմի հայ համայնքի անդամները խանդավառութեամբ ու որդիական ջերմութեամբ դիմաւորեցին Վեհափառ Հայրապետը։ Այս առթիւ հայկական եկեղեցւոյ մէջ Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւններն ու պատգամը փոխանցեց Հռոմի հայ համայնքի անդամներուն։ Նորին Սրբութիւնը խրախուսական արտայայտութիւններով դիմեց անոնց եւ տուաւ յորդորներ՝ որպէսզի ապրին հաւատարիմ մնալով իրենց ինքնութեան ու շէնացնեն ազգային-եկեղեցական կեանքը։

Վեհափառ Հայրապետի հետ էին Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Շիրակի թեմակալ առաջնորդ Տ. Միքայէլ Եպսկ. Աջապահեան եւ այլ եկեղեցական հայրեր, ինչպէս նաեւ Վատիկանի մօտ Հայաստանի փոխ-դեսպան Անահիտ Սիրունեան։

Աւելի վերջ Նորին Սրբութիւնը առաջնորդուեցաւ Վատիկանի պաշտօնական հիւրերուն յատուկ «Տոմուս Սանթա Մարթա» հիւրանոցը։ Վեհափառ Հայրապետը այնտեղ կ՚իջեւանի որպէս Սրբազան Քահանայապետի յատուկ հիւրը։

Ամենայն Հայոց Հայրապետը այսօր Վատիկանի մէջ հանդիպումներ կ՚ունենայ Քրիստոնէից միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Քոխի եւ Արեւելեան եկեղեցիներու հետ յարաբերութիւններու խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Սանտրիի հետ։ Տեղւոյն ժամով 17.00-ին, Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կը հիւրընկալուի Սրբազան Պապին կողմէ։ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցիներու հայրապետները այս առթիւ կ՚ողջագուրուին եղբայրաբար եւ կը քննարկեն երկու եկեղեցիներու համատեղ օրակարգի վերաբերեալ հարցեր։ Ինչպէս ծանօթ է, երկու քոյր եկեղեցիներու յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն թափով կը զարգանան եւ այս մթնոլորտին մէջ յաճախակի դարձած են նաեւ անոնց հովուապետներու եղբայրական հանդիպումները։

Սրբազան Պապէն հրաժեշտ առնելէ անմիջապէս վերջ Վեհափառ Հայրապետը կ՚ուղղուի Հռոմի օդակայանը՝ վերադառնալու համար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2018