ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու Պաքուի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի հետ։ Երկու նախարարները Պաքուի մէջ կը գտնուէին Անհամաձայնականներու շարժման 18-րդ գագաթաժողովին ընդառաջ կազմակերպուած՝ Պաղեստինի վերաբերեալ նախարարական կոմիտէի ժողովին մասնակցելու համար։ Երկու նախարարներուն հանդիպումը զուգադիպեցաւ Սուրիոյ վերաբերեալ կարեւոր իրադարձութիւններու ժամանակաշրջանին։

Միւս կողմէ, Ճեւատ Զարիֆ Պաքուի մէջ հիւրընկալուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2019