ԵՐԷԿ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԹԻՐԱԽԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ

Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաճակատի բոլոր ուղղութիւններով մարտերը կը շարունակուին։ Այս առաւօտ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները հաղորդեցին, որ երէկ գիշերուայ տեւողութեան հակամարտութեան գօտիէն ներս պահպանուած է յարաբերաբար կայուն-լարուած իրավիճակը։ Առանձին հատուածներու մէջ շարունակուած են հրետանային մենամարտերը եւ փոխադարձ հրաձգութիւնները։ Երէկ երեկոյեան ժամերուն Ատրպէյճանի զօրքերը հերթական անգամ խախտած են միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշները՝ հրետակոծելով խաղաղ բնակավայրերը, ներառեալ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը։ Այս առաւօտեան դրութեամբ ընթացքի մէջ են տեղական նշանակութեամբ մարտերը։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, բոլոր ուղղութիւններուն վրայ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները կը կանխեն Ատրպէյճանի յարձակողական գործողութիւնները՝ վերահսկողութեան տակ պահելով մարտավարական իրադրութիւնը։

Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնները երէկ օրուայ ընթացքին եւ գիշերը տեղի ունեցած մարտերուն կապակցութեամբ հանդէս եկան զանազան լուսաբանութիւններով։ Երէկ օրուան երկրորդ կէսին, արդէն լայն արձագանգ գտաւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի ռմբակոծումը։ Արդարեւ, քանի մը օրէ ի վեր Ստեփանակերտ չէր թիրախաւորուեր։ Երէկուան օրը սկսաւ Մարտունիի սաստիկ ռմբակոծումով, իսկ յառաջացեալ ժամերուն արդէն Ստեփանակերտի թիրախաւորումը յառաջացուց խոր մտահոգութիւն։ Արցախի նախագահի բանբերը՝ Վահրամ Պօղոսեանն ալ յայտնեց, որ Պաշտպանութեան բանակը շուտով կը փոխադարձէ այս քայլերուն։ Մարտունիի եւ Ստեփանակերտի ռմբակոծումները շարունակուեցան նաեւ երէկ գիշերուան ժամերուն։

Հայկական միասնական տեղեկատուութեան կեդրոնին մէջ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան երէկ երեկոյեան սարքեց համատեղ մամլոյ ասուլիսը, որու ընթացքին դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը օրուայ ողջ տեւողութեան շարունակած են յարձակումները ռազմաճակատի զանազան ուղղութիւններով։ Երէկուան կարեւոր իրադարձութիւններէն մին ալ այն էր, որ Ատրպէյճանի զօրքերը ռազմաճակատի հարաւային ուղղութեան վրայ ռմբակոծած են Բերձոր (Լաչին) քաղաքը՝ յարակից բնակավայրերով։ Այդ շրջանը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որովհետեւ Հայաստանն ու Արցախը միացնող հիմնական նրբանցքներէն մին Բերձորէն կ՚անցնի։

«Օրուայ ընթացքին յատկապէս թէժ եղան կեդրոնական հատուածէն դէպի հարաւ գտնուող շրջաններու մարտերը», ըսաւ Յովհաննիսեան եւ աւելցուց, որ բազմաթիւ գիւղերու պարագային Ատրպէյճանի զօրքերը փորձած են ներթափանցումներ իրականացնել։ Հայկական զօրքերը չէզոքացուցած են այդ բոլորը։ Հայկական ստորաբաժանումները կը շարունակեն համապատասխան աշխատանքները։ Ատրպէյճանի զօրքերը ետ քշուած են Բերձորէն դէպի հարաւ յստակ ուղղութիւնով դէպի Հակալի գետի հիւսիսը։ Հայկական զինեալ ուժերու գործողութիւններով Ատրպէյճանի զօրքերը դէպի ա՛լ աւելի հարաւ մղուած են։ «Ընդհանուր առմամբ լարուածութիւնը կը շարունակուի, մարտերը կ՚ընթանան օճախային, յստակ բնագծեր չկան այս ուղղութեամբ», ըսաւ Յովհաննիսեան եւ աւելցուց, որ զանազան բնակավայրերու, գետերու, հանգոյցներու շուրջ Ատրպէյճանի զօրքերը կը փորձեն յարձակումներ իրականացնել եւ այդ բոլորը կը չէզոքացուին հայկական զօրքերուն կողմէ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2020