Շաբաթ 8, Փետրուար 2025
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
«Եւրոպայի լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով նախընթաց օր տեղի ունեցան բազմաթիւ ֆութպոլի հանդիպումներ: Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող այս հանգրուանին, իր կարգին մրցում կատարեց նաեւ, Ա. խմբակէն «Ա. Սէ. Ռոմա», որ Զուիցերիոյ մէջ հիւրը եղաւ «Եանկ Պոյզ»ին: Թէեւ հիւրընկալ կազմը ինք նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, սակայն իտալական կազմը տարաւ վերջական յաղթանակը, 2-1 արդիւնքով: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան, որ դաշտ ներկայացաւ 59-րդ վայրկեանին, կատարեց երկրորդ կոլին ասիսթ-ը (74-րդ):
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2020