ՀԱՄԵՐԳ ԵՒ ԱՐԴԻ ՊԱՐԵՐ

Ժողովրդական արդի երաժշտութեան սիրուած խումբերէն «Kardeş Türküler» շաբաթավերջին համերգով մը հանդէս եկաւ Հարպիյէի «Ճեմիլ Թոփուզլու» բացօթեայ ամփիթատրոնին մէջ։ Երկար ընդհատումէ մը վերջ խումբը հանդէս եկաւ ելոյթով մը՝ արժանանալով իր համակիրներու անմիջական ուշադրութեան։ Այս ելոյթին մաս-նակցեցաւ նաեւ «Çıplak Ayaklar Kumpanyası» յայտնի պարախումբը։

Յայտագրի ընթացքին զանազան լեզուներով 22 գործեր մեկնաբանուեցան։ Ունկնդիրներուն հրամցուեցաւ նաեւ «Հանանէ»ն՝ որպէս հայերէն նմոյշ։ Այս փուլին Միհրան Թովմասեան եւ Մարալ Ճերանօղլու հանդէս եկան արդիական պարի ելոյթով։

Յայտագրի տեւողութեան Միհրան Թովմասեան միացաւ նաեւ ձեռնարկի այլ փուլերու պարերուն։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022