ԱՐԹՈՒՐ ԱԲՐԱՀԱՄ ՊԱՀԵՑ ԱԽՈՅԵԱՆԻ ՏԻՏՂՈՍԸ

Հա­յազ­գի ար­հես­տա­վարժ կռփա­մարտ, գեր­մի­ջին ծան­րու­թեան դա­սա­ւոր­ման մէջ WBO վար­կա­ծով աշխար­հի ա­խո­յեան Ար­թուր Աբ­րա­համ շա­բա­թա­վեր­ջին յա­ջո­ղե­ցաւ պահպա­նել իր տիտ­ղո­սը։ Գեր­մա­նիոյ Հա­նո­վէր քա­ղա­քին մէջ ան հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ 33-ա­մեայ Մար­թին Մա­րէի (Անգ­լիա) հետ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, մրցումի տե­ւո­ղու­թեան Արթուր Աբ­­րա­համ բա­ւա­կա­նին պաշտ­պա­նո­ղա­կան կե­ցուած­քով մը հան­դէս ե­կաւ եւ ա­ւար­տին յաղ­թա­նա­կի հա­սաւ շնոր­հիւ իր ա­պա­հո­ված միա­ւոր­նե­րուն։

Ար­թուր Աբ­րա­համ (Ա­ւե­տիք Աբ­րա­հա­մեան) ծնած է 1980 թուա­կա­նին Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Ան 2004 թուա­կա­նէն ի վեր կը բնա­կի Պեր­լի­նի մէջ եւ տասը տա­րիէ ի վեր ու­նի նաեւ Գեր­մա­նիոյ քա­ղա­քա­ցիու­թիւն։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015