ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆԻ 70-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Ե­րե­ւա­նի «Ազգ» թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Յա­կոբ Ա­ւե­տի­քեան շա­բա­թա­վեր­ջին նշեց իր ծննդեան 70-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Այս առ­թիւ Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան մաս­նա­ւոր շնոր­հա­ւո­րա­կան մը ու­ղար­կեց Յա­կոբ Ա­ւե­տի­քեա­նին։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Սարգ­սեա­նի շնոր­հա­ւո­րա­կա­նին մէջ նշուած է հե­տե­ւեա­լը. «Դուք ժա­մա­նա­կա­կից հայ լրագ­րու­թեան ակ­նա­ռու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն էք։ Մեծ է ձեր ներդ­րու­մը նո­րան­կախ Հա­յաս­տա­նէ ներս ա­զատ մա­մու­լի ստեղծ­ման եւ կա­յաց­ման գոր­ծին մէջ։ Սփիւռ­քի եւ հայ­րե­նի­քի մէջ տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նա­կուող ձեր բեղմ­նա­ւոր գոր­ծու­նէու­թեան շնոր­հիւ դուք վաս­տա­կած էք բարձր հե­ղի­նա­կու­թիւն ըն­թեր­ցող­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն եւ ամ­բողջ հա­սա­րա­կու­թե­նէն ներս։ Ձե­զի կը մաղ­թենք քա­ջա­ռող­ջու­թիւն եւ նոր ձեռք­բե­րում­ներ՝ ձեր շնոր­հա­կալ աշ­խա­տան­քին մէջ»։

Յակոբ Աւետիքեան հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհի երախտաշատ սպասաւորներէն մին է եւ ունի եզակի փորձառութիւն՝ այն առումով, որ թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ խմբագրած է օրաթերթ։ Ան վարպետի մը ճարտարութեամբ միշտ գտած է ոսկէ միջինը՝ մամուլի ազատութեան եւ հաւաքական պատասխանատուութեան, գերագոյն շահերուն միջեւ՝ նոյնիսկ ամենասուր իրավիճակներուն մէջ։ Իր ղեկին ներքեւ «Ազգ» օրաթերթը եղած է իսկապէս դպրոց մը, ուրկէ հասած բազում անուններ այսօր դարձած են հեղինակութիւն։ Աւետիքեանի անձին հետ նոյնացած «Ազգ»ը թէեւ վերջին շուրջ մէկ տարուան ընթացքին վերածուած է շաբաթաթերթի, սակայն կը շարունակէ կրել վաստակաւոր ու մեծ խմբագրին անջնջելի դրոշմը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015