Երեքշաբթի 26, Նոյեմբեր 2024
ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ Պերլինի մէջ մասնակցեցաւ Աֆղանիստանէ ներս ՆԱԹՕ-ի հովանաւորութեան ներքեւ իրականացուող «Վճռական աջակցութիւն» առաքելութեան Հիւսիսային հրամանատարութեան կազմին մէջ ներգրաւուած երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու հաւաքին։ Հարկ է նշել, որ այդ հրամանատարութիւնը կը ղեկավարուի Գերմանիոյ կողմէ։ Սէյրան Օհանեան Պերլինի մէջ շարք մը գերմանացի պաշտօնատարներու հետ ունեցաւ նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ, քննարկելով Հարաւային Կովկասի հար-ցերն ու ղարաբաղեան հիմնախնդիրը։
Միւս կողմէ, Սերպիոյ պաշտպանութեան նախարարը այսօր պաշտօնական այց մը կու տայ Երեւան։
Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015