ԻՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան վարչապետ Նեչիրվան Պարզանի երէկ շփումներ ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ, ուր պետական աւագանիին կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակով։ Օրուան տեւողութեան ան հանդիպումներ ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի եւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան Նեչիրվան Պարզանիին հետ տեսակցեցաւ Եըլտըզի պալատի համալիրէն ներս, «Մապէյն» ապարանքի երդիքին տակ։ Մէկուկէս ժամ տեւեց այս տեսակցութիւնը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան։
Վարչապետ Եըլտըրըմ Պարզանիի հետ տեսակցեցաւ Անգարայի մէջ։ Վարչապետարանի երդիքին տակ տեղի ունեցած այս զրոյցէն վերջ Նեչիրվան Պարզանի ընդունուեցաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ։ Այս շփումները աւարտելով ան ուղեւորուեցաւ Իսթանպուլ, ուր տեղի ունեցաւ իր հանդիպումը Էրտողանի հետ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Պարզանիի շփումներուն ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի յառաջիկայ տարեմուտէն սկսեալ Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութիւնը դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն մը հաստատէ Անգարայի մէջ։
Երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Մուսուլի գործողութիւնը։ Կողմերը քննարկեցին, թէ ինչ փուլի հասած է այդ մէկը։ Դաշտի վրայի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ Պարզանի տեղեկութիւններ փոխանցեց Եըլտըրըմին։ Կողմերը քննարկեցին ահաբեկչութեան դէմ համագործակցութիւնը եւ զօրակցութիւնը՝ անխտիր բոլոր ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ, որոնք կը սպառնան Հիւսիսային Իրաքի եւ ամբողջ Իրաքի անդորրութեան։ Թուրքիոյ եւ Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան միջեւ հաս-տատուած լայնախարիսխ յարաբերութիւններու առաւել զարգացման համար կողմերը համաձայն գտնուեցան տեւականացնելու իրենց ջանքերը։
Բաց աստի, Պարզանիի շփումներուն ընթացքին օրակարգի եկան տարածքաշրջանի միւս իրադարձութիւններն ու զինուորական գետնի նորութիւնը։
ԷՐՏՈՂԱՆ. «ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂ ԿԸ ՊԱՏԿԱՆԻ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ»
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղ Ատրպէյճանի հողն է։
Էրտողան երէկ մասնակցեցաւ Իսլամական խորհրդաժողովի կազմակերպութեան տնտեսական եւ առեւտուրի համագործակցութեան մշտական կոմիտէի 32-րդ նախարարական նիստին։ Բացման ժողովէն վերջ ան ընդունեց մասնակից պատուիրակութիւններու անդամները ու նկարահանուեցաւ անոնց հետ։ Այս փուլին ան պատասխանեց ազէրի լրագրողի մը հարցման՝ որ կը վերաբերէր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական բռնագրաւման շարունակման։ Այս կապակցութեամբ Էրտողան ըսաւ. «Հայաստան փութով պէտք է դուրս գայ իր բռնագրաւած տեղերէն։ Այս նիւթին շուրջ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդին կողմէ առնուած որոշումներ կան։ Հայաստան այդ տեղերը պէտք է լքէ իր բուն տիրոջ։ Այդ տեղերուն բուն տէրերը ազէրիներն են։ Ազէրիներն ալ պէտք է երթան հաստատուին այդ տեղերը։ Բռնագրաւումով անկարելի է հասնիլ որեւէ տեղ»։