ԱՌԱՋԻՆ ՀՐԱՀԱՆԳՆԵՐԸ

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան վերադարձաւ դէպի Տիարպաքըր եւ Սիլվան այցելութենէն, որու ընթացքին իրեն ընկերացաւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։

Ինչպէս հաղորդած էինք, ուղեւորութեան վերջին օրը նորին սրբազնութիւնը երէկ կէսօրուան ժամերուն հանդիպում մը ունեցաւ Տիարպաքըրի կուսակալ Հասան Պասրի Կիւզէլօղլուի հետ։ Հարկ է նշել, որ կուսակալը շուրջ երեք ամիս առաջ նշանակուած է ներկայ պաշտօնին համար։ Երէկուան հանդիպման ներկայ գտնուեցան փոխ-կուսակալ Այհան Ապաթայ, Տիարպաքըրի վաքըֆներու շրջանային տնօրէն Մեթին Էվսէն, տեղւոյն Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդէն Կաֆֆուր Թուրքայ, ինչպէս նաեւ հայր սուրբը։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կուսակալ Հասան Պասրի Կիւզէլօղլուի հետ զրուցելու ընթացքին անոր նկատառման յանձնեց Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ առկայ հրատապ վիճակը։ Զրոյցի դրական մթնոլորտին մէջ տրուեցան առաջին հրահանգները, որպէսզի ներկայ կացութիւնը ժամ առաջ յաղթահարուի։ Նորին սրբազնութիւնը մասնաւորապէս փափաք յայտնեց, որ եկեղեցւոյ շուրջի պարիսպները ժամ առաջ վերստին հիւսուին։ Այդ պատերու հիւսման աշխատանքներու սկսելուն համար կուսակալը անհրաժեշտ հրահանգները տեղւոյն վրայ, նորին սրբազնութեան ներկայութեամբ փոխանցեց պատկան պատասխանատուներուն։

Բաց աստի, նորին սրբազնութեան կողմէ տրուած խորհուրդին ընդառաջ՝ կուսակալ Կիւզէլօղլու հրահանգեց, որպէսզի քաղաքի բոլոր սրբավայրերը հսկուին պահակներու կողմէ՝ կանխելու համար անոնց դէմ կատարուած զանազան ոտնձգութիւնները, յարձակումները եւ սրբապղծութիւնները։

Տիարպաքըրի կուսակալութեան մէջ տեղի ունեցած այս զրոյցով իր աւարտին հասաւ նորին սրբազնութեան այցելութեան ծրագիրը եւ ան երեկոյեան ժամերուն Իսթանպուլ վերադարձաւ իր հետն ունելով հայր սուրբը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 24, 2017