ՆՈՒՐԲ ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁ

Այսօր Պրիւքսելի մէջ տեղի կ՚ունենայ Եւրոպական Միութեան եւ այս վերջնոյն յարակից ստեղծուած Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներուն գագաթաժողովը։ Նպատակն է՝ խորացնել ԵՄ-ի եւ նախկին խորհրդային այս վեց հանրապետութիւններու միջեւ կապերը: Գագաթաժողովին կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։

Հայաստանի համար մեծ կարեւորութիւն ունեցող՝ Եւրոպական Միութեան հետ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործակցութեան համաձայնագրի ստորագրումն ալ նախատեսուած է նոյն ծիրին մէջ:

Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրը սկսած է 2009-ին՝ խթանելու համար խորհրդային նախկին վեց հանրապետութիւններուն՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Մոլտովայի, Ուքրայնոյ, Վրաստանի եւ Սպիտակ Ռուսիոյ համարկումը եւրոպական տնտեսութեան, ինչպէս նաեւ այդ երկիրներուն մէջ եւրոպական արժէքներու տարածումը։

Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի գլխաւոր իրադարձութիւնը թերեւս Հայաստանի հետ կնքուող Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործակցութեան համաձայնագիրն է:

Համաձայնագիրը ազատ առեւտուրի մասին ոչինչ կը պարունակէ եւ նուազ յաւակնոտ է, քան Վրաստանի, Մոլտովայի եւ Ուքրայնոյ հետ կնքուած ընկերակցութեան համաձայնագրերը:

Բայց անոր բնագրին մէջ կան բազմաթիւ կէտեր, որոնք կրնան շատ նպաստաւոր ըլլալ Հայաստանի համար: Հայաստան կը պարտաւորուի բարեփոխելու իր հիմնարկութիւնները, քաղաքական համակարգը, ա՛լ աւելի ամրապնդելու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը: Եթէ Հայաստան կատարէ բոլոր պարտաւորութիւնները՝ կրնայ ստանալ տնտեսական լուրջ աջակցութիւն Եւրոմիութենէն «աւելին՝ աւելիի դիմաց» սկզբունքով: Այսինքն, եթէ Հայաստան կատարէ համաձայնագրով ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւնները, Եւրոպական Միութիւնն ալ կը պարտաւորուի աջակցութիւն ցոյց տալու եւ նպաստելու, որպէսզի ներդրումներ կատարուին Հայաստանի մէջ:

Համաձայնագրին մէջ հետաքրքրական նորութիւն կայ փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան համար՝ այլ խօսքով՝ վարկաւորում տեղական արժոյթով, այսինքն՝ ոչ թէ տոլարով, այլ դրամով: Ասիկա կրնայ խթան հանդիսանալ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման:

Փաստաթուղթի ստորագրման սեմին, հռչակագրի նախագծին մէջ դեռ կը մնային չլուծուած որոշ խնդիրներ, յատկապէս՝ հակամարտութիւններու լուծման վերաբերեալ կէտը, որ մինչեւ վերջին վայրկեանը յստակացուած չէ, հոն չէր նշուած նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի անունը:

Տարածքաշրջանին մէջ առկայ հակամարտութիւններու մասին բանաձեւուած էր միայն հետեւեալ ձեւակերպումը. «վեհաժողովի մասնակիցները կոչ կ՚ընեն աշխուժացնելու հակամարտութիւնները կարգաւորելու ջանքերը՝ հիմնուած միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու եւ չափանիշերու վրայ»:

Եթէ ամէն ինչ լաւ ընթանայ, Եւրոպական Միութիւնը պիտի սկսի նաեւ Հայաստանի հետ երկխօսութեան՝ այցագրերու ազատականացման հարցին շուրջ:

Համաձայնագրով կը նախատեսուի համագործակցութիւն ոչ միայն տնտեսական, քաղաքական, այլեւ անվտանգութեան հարցերուն մէջ: Ըստ էութեան, Եւրոասիական տնտեսական միութեան շրջանակին մէջ անվտանգութեան հարցին վերաբերող պարտաւորութիւններ չկան, այդ իմաստով Հայաստան կրնայ Եւրոպական Միութեան հետ նման համաձայնութիւններ կնքել:

Յիշեցնենք, որ ԵՄ-ի հետ աւելի քան երեք տարի տեւած բանակցութիւններէ ետք՝ 2013 թուականի Սեպտեմբերին Հայաստան հրաժարեցաւ Ընկերակցութեան համաձայնագրէն եւ ստորագրեց Մաքսային միութեան պայմանագիրը, ապա՝ Եւրոասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան յուշագիրը: Տարիներ ետք Հայաստան եւ Եւրոպական Միութիւնը յարաբերութիւնները խորացնելու համար նախաստորագրեցին մէկ այլ՝ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործակցութեան համաձայնագիրը:

Գագաթաժողովին համար Պրիւքսել մեկնած նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ունեցաւ շարք մը կարեւոր շփումներ։ Այսպէս, ան մասնակցեցաւ Եւրոպական Ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) վեհաժողովին։ ԵԺԿ-ին որպէս դիտորդ կ՚անդամակցի նաեւ իր գլխաւորած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ)։ Հաւաքը վարեց ԵԺԿ-ի նախագահ Ժոզէֆ Տոլ:

Վեհաժողովին մասնակեցան ԵՄ-ի խորհուրդի եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահները՝ Տանըլտ Թուսք եւ Ժան-Քլոտ Եունքէր, Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Անթոնիօ Թայեանի, ԵՄ-ի անդամ կամ Արեւելեան գործընկեր երկիրներէ ԵԺԿ-ի անդամ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ:

Վեհաժողովի օրակարգը յատկապէս կը բովանդակէր համաեւրոպական արդիական խնդիրները եւ Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները:

Նախագահ Սարգսեան ունեցաւ ելոյթ մը։ Ան այս առթիւ անդրադարձաւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան օրակարգին եւ յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքին, Հայաստանի համար ԵԺԿ-ի եւ Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովներուն քննարկուող հարցերու կարեւորութեան, ԵՄ-ի հետ Հայաստանի ստորագրելիք Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրին, ինչպէս նաեւ միջկուսակցական համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքին: Նշելով, որ այս տարի կը լրանայ ԵԺԿ-ին ՀՀԿ անդամակցութեան 5-րդ տարեդարձը, Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ հակառակ համեմատաբար այս կարճ ժամանակաշրջանին՝ համատեղ աշխատանքի շնորհիւ ՀՀԿ-ն լիարժէքօրէն համարկուեցաւ եւրոպական այս կառոյցին: Ըստ նախագահին՝ ԵԺԿ-ի հետ ՀՀԿ-ի համագործակցութիւնը Հայաստանի համար դարձած է նաեւ եւրոպական քաղաքականութեան մէջ ներգրաւման կարեւորագոյն հարթակներէն մէկը:

Սերժ Սարգսեան յատկանշական համարեց Եւրոպական խորհրդարանի Նոյեմբեր 15-ի բանաձեւին մէջ՝ Հայաստանի որակումը որպէս երկիր մը, որ յաջողութեամբ կը համատեղէ անդամակցութիւնը Եւրոասիական տնտեսական միութեան եւ մասնակցութիւնը ԵՄ-ի հարեւանութեան ռազմավարութեան: Նախագահը վստահեցուց, որ ապագային ալ Հայաստան պիտի շարունակէ առաջնորդուիլ համակեցութեան այս նոյն բանաձեւով: Ան մաղթեց, որ այսօրուան գագաթաժողովի արդիւնքներու լոյսին տակ՝ համատեղ ձեռնարկը դառնայ ալելի նպատակային եւ հասարակութիւններու տեսակէտէ ունենայ շօշափելի պտուղներ։

Միւս կողմէ, նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Պրիւքսելի մէջ հիւրընկալուեցաւ նաեւ Պելժիոյ Ֆիլիփ թագաւորին կողմէ։ Բաց աստի, ան հանդիպում մը ունեցաւ «Հայաստանի եւրոպական բնարեկամներ» միջազգային հասարակական կազմակերպութեան խորհուրդի անդամներուն հետ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 24, 2017