ՎԱՐԿԱՆԻՇ ԵՒ ՄՐՑՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ կը կարդանք հետեւեալ հարցազրոյցը՝ Ժիրայր Չոլաքեանի ստորագրութեամբ։

Հայաստանի զարգացման «Գործարար Հայաստան» (Business Armenia) հիմնադրամը ստեղծուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ 2015-ին՝ երկրի տնտեսական աճի խթանման հիմնական առաքելութեամբ։ Կառոյցի գլխաւոր նպատակն է Հայաստանի վարկանիշի եւ մրցունակութեան բարձրացումը եւ ներդրումներու ներգրաւումը։ Հիմնադրամը իր ծրագրով կը նպաստէ պետական մարմիններու եւ գործարարներու միջեւ համագործակցութեան, կ՚իրագործէ միացեալ նախագծեր եւ գործարարներու առջեւ ծառացած խնդիրներուն արագ լուծումներ կ՚առաջարկէ։

Ստորեւ կը հրատարակենք հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արմէն Աւագեանի հետ մեր կատարած հարցազրոյցը։

*

-Նախապէս այս գործարարական կառոյցը DFA (la Fondation pour le Développement de l՚Arménie) կը կոչուէր, որ այսօր փոխարինուած է Business Armenia (BA) հիմնադրամով։ Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէր այդ փոփոխութիւնը։

-DFA-ն կազմուած էր երեք նպատակի համար՝ Հայաստանի
 մէջ զարգացնել ներդրումները,
 խթանել արտահանումը եւ զարկ տալ զբօսաշրջութեան։ Երբ ես DFA-ի տնօրէն նշանակուեցայ, կառավարութեան հետ համաձայնութեան եկանք, որ զբօսաշրջութեան բաժինը դուրս հանուի այս ծրագրէն, որպէսզի մենք կեդրոնանանք միայն գործարարութեան ոլորտի վրայ։ Հետեւաբար ստեղծեցինք BA հիմնադրամը, որ պարզապէս գործարարութեամբ կը զբաղի եւ կառավարական ազգային գործակալութիւն է, որ կ՚աշխատի պետութեան հովանաւորուեամբ։

-Ընդհանապէս, երբ Հայաստանի պետական մարմինները Ֆրանսա կ՚այցելեն՝ բնականաբար կը հանդիպին տեղական պաշտօնական անձնաւորութիւններու հետ եւ յաճախ կը ներկայացնեն տնտեսական մշակուած ծրագրեր, օտարներու՝ պետական կամ մասնաւոր շրջանակներու ներդրում կատարելու հետաքրքրութիւնը արթնցնելու համար։ Իսկ երբ անոնք կը հանդիպին հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, այն ատեն շատ աւելի զգացական եւ հայրենասիրական նիւթերով ելոյթներ կ՚ունենան։ Նկատի ունենալով որ ներկայիս Հայաստանի ներդրումային գործընթացին սփիւռքահայերը մասնակից դարձնելու յաճախակի կոչեր կ՚ըլլան, այդ առումով BA-ն իբրեւ հիմնադրամ ի՞նչ ձեւով օգտակար կը հանդիսանայ իրեն դիմող սփիւռքահայուն։

-Նախ ըսեմ, թէ անձնապէս ինծի համար խօսակիցներուս ազգութիւնը կամ ծագումը բնաւ կարեւորութիւն չունի, որովհետեւ եթէ դիմացինս ներդրող գործարար է, մենք իրարու հետ կը խօսինք գործարարութեան լեզուով։ Կարելի է ըսել, որ մենք ներդրողներու պատուհանն ենք։ Մեզի համար կարեւոր է, որ ներդրողները բաց աչքերով գնահատեն այս գործին տարբեր երեսները։ Միեւնոյն ժամանակ մենք շահագրգռուած ենք, որ գործարարը իր աշխատանքէն շահ ապահովէ։ Եթէ այս դիտանկիւնէն նայինք հարցին, ապա ներդրող սփիւռքահայու հետ միայն առաջին պահուն պէտք է ճշդել, թէ ո՞վ պիտի տնօրինէ եւ գործադրէ անոր պիզնէսը։ Կամ մեր հիմնադրամը պէտք է անոր համար յարմար գործընկեր գտնէ եւ կամ ալ անոր կ՚առաջարկենք, որ իր կողմէ նախատեսուած ներդրումային գումարը տրամադրէ այս կամ այն հիմնադրամին, որպէսզի համապատասխան ծառայութիւնը տնօրինէ գործը եւ շահոյթը տրամադրէ իրեն։ Ինչպէս գիտէք, Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունին տարբեր տեսակի հիմնադրամներ, որոնց գործունէութիւնը կը հսկէ Կեդրոնական դրամատունը։

-Այդ հիմնադրամները արդեօք կ՚ընդունի՞ն փոքր դրամագլուխներ։

-Ո՛չ բոլորը։ Որոշ հիմնադրամներ փոքր դրամագլուխ կ՚ընդունին։

-Ի՞նչ միջոցներով ձեզի հետ կը կապուին ներդրողները։

-Հեռախօսելով կամ մեր կայքէջի միջոցով ներդրողները կապ կը հաստատեն մեզի հետ։ Այնուհետեւ մենք նկատի ունենալով դիմողի փափաքն ու պահանջները՝ ըստայնմ զանոնք կ՚առաջնորդենք համապատասխան հասցէի, միաժամանակ անվճար մատուցելով այս կալւածի մէջ հարկ եղած բոլոր ծառայութիւնները, որպէսզի ներդրողը Հայաստանի մէջ ինքզինք հանգիստ զգայ։

Ըսեմ, որ մենք ունինք վաճառքային մեր խողովակները, նաեւ շուրջ 35 ներկայացուցիչներ՝ աւելի քան 25 երկիրներու մէջ։ Վերջերս փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեանի գլխաւորութեամբ՝ BA-ի պատուիրակները Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա այցելեցին, ուր կան լրջօրէն ներդրումներով հետաքրքրուող մարդիկ, որոնք արդէն համապատասխան յուշագրերն ալ ստորագրած են։ Մեզի կը մնայ անոնց հետ սկսիլ գործառոյթներու։

-Իսկ Ֆրանսայի հետ գործարարական կապերը ի՞նչ ընթացքի մէջ են։

-Մեր հիմնադրամը Business France-ի հետ կը համագործակցի, որ մեր քոյր կազմակերպութիւնն է։ Նախատեսած ենք գործարարական առաքելութեամբ ընթացիկ տարուայ մէջ Փարիզ այցելել։

-Հայաստանի մէջ սա պահուն որո՞նք են տնտեսական զարգացման հեռանկարները։

-Հայաստանի մէջ ներդրողի համար երկու հիմնական փուլ կայ. առաջինը արտադրական ոլորտն է, որ հիմնականին մէջ կը վերաբերուի Հայաստանի մէջ արտադրածը արտահանելու գործընթացին։ Մեր երկիրը Եւրոսիական տնտեսական միութեան անդամ ըլլալով՝ մենք այդ միութեան միւս անդամներու հետ մաքսային հարցեր չունինք եւ արտադրական ոլորտի մէջ կ՚օգտուինք այդ առաւելութենէն։ Իսկ Եւրոպական Միութեան երկիրներու հետ ալ ապրանքափոխանակման պայմանագրերը կը դիւրացնեն մեր աշխատանքը, այսինքն կայ 6400 ապրանքատեսակ, որ կրնանք Հայաստանէն արտահանել դէպի Եւրոմիութիւն՝ առանց մաքսային տուրքերու։ Իրանի հետ եւս սահմանային շատ լաւ յարաբերութիւններ ունինք։ Իրան վերջերս Եւրոսիական տնտեսական միութեան հետ առեւտուրի պայմանագիր ստորագրեց, որմէ պիտի օգտուի Հայաստան եւս։ Նաեւ Իրանի հետ սահմանի վրայ հիմնուիլ է ազատ տնտեսական գօտի, ուրկէ առանց հարկ վճարելու կարելի է դէպի Իրան ապրանք արտադրել։

Իսկ երկրորդ փուլը Հայաստանի ներքին շուկան է, որ հասկնալի պատճառներով մի քիչ աւելի փոքր է եւ ուր կարելի է երկու մարզերու մէջ ներդրում կատարել՝ High tech կամ զբօսաշրջութիւն։ Պէտք է ըսել, որ զբօսաշրջութեան մարզը Հայաստանի մէջ շուրջ 28 տոկոս աճ արձանագրած է, իսկ Հայաստանի High tech-ը աշխարհի առաջատար երկրներու շարքին է։

-Քիչ առաջ նշեցիք, թէ BA-ն ձեւով մը ներդրողներու պատուհանն է։ Իսկ վերջիններս ինչպէ՞ս կը գնահատեն ձեր աշխատանքը։

-BA-ի կանոնադրութեան մէջ շեշտուած է, որ մենք ներդրողներու պատուհանը պիտի ըլլանք, իսկ թէ որքանո՞վ մեր աշխատանքը արդիւնաւէտ եղած է՝ այդ մասին թող ներդրողները վկայեն։

-Որքա՞ն է ձեր պաշտօնէութեան թիւը։

-Մեզ մօտ աշխատող պաշտօնեաներու թիւը 50 է։ Ըսեմ, որ ներդրողներուն տարբեր ծառայութիւններ մատուցելու ուղղութեամբ մենք սերտօրէն կը համագործակցինք կառավարութեան տարբեր մարմիններու եւ գերատեսչութիւններու հետ։

-Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ կայացաւ Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովը, որու կողքին տեղի ունեցաւ նաեւ գործարարներու համաժողովը, որ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ Հայաստանին՝ ֆրանսախօս երկիրներու հետ աւելի՛ ընդլայնելու համագործակցութիւնը եւ տնտեսական ոլորտի մէջ իրագործելու տարբեր ծրագրեր։ Այս կապակցութեամբ ի՞նչ ակնկալիքներ ունիք։

-Նման համաժողովներուն ընդհանրապէս գործարարները մօտէն կը ծանօթանան երկրի գործարարական համակարգին։ Այս ժողովին վստահաբար Հայաստանի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը կ՚աւելնայ, ինչ որ կարեւոր է յետագային ներդրում կատարելու առումով։ Նաեւ Հայաստանի գործարարները առիթ կ՚ունենան ուղղակի շփուելու այլ երկիրներու իրենց պաշտօնակիցներու հետ։ Պէտք է ըսել, որ այս պարագային հրամայական է գործարարական ցանցի ստեղծումը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 24, 2018