ԱՅՎԱԶԵԱՆ-ԼԱՒՐՈՎ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախարարները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս հրադադար ապահոված եռակողմանի համաձայնութեան դրոյթներու գործադրութեան ընթացքին։ Անոնք մասնաւորապէս կանգ առին նաեւ մարդասիրական խնդիրներու շուտափոյթ կարգաւորման վերաբերեալ հարցերու վրայ։ Այս ամբողջին մէջ Արա Այվազեան որպէս առաջնահերթութիւն ընդգծեց մարդասիրական հարցերու դիմագրաւումը՝ մասնաւորապէս, տեղահանեալ արցախահայութեան վերադարձի համար համապատասխան պայմաններու ստեղծուիլը, անոնց իրաւունքներու վերականգնումն ու պաշտպանութիւնը, ռազմագերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակումն ու հայրենադարձումը։ Այվազեան եւ Լաւրով կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ երկկողմանի կամ միջազգային օրակարգի շարք մը հարցերուն շուրջ։

Հարկ է նշել, որ Սերկէյ Լաւրով նախընթաց օր ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2020