ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԳՈՅՆԵՐԸ

Ելտըզի ճեմապարտէզի «Մալթա» ապարանքի յարակից պարտէզին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ յատկանշական գիրքի շնորհանդէս մը, որուն տանտէրն էր Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու։ «Իսթանպուլի գոյները» խորագրեալ գիրքի ծանօթացման հաւաքոյթին ժամանակ Պատրիարքական Աթոռը ներկայացուց Կրօնական ժողովի ատենապետ, լուսարարապետ եւ Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա., Հրէից րաբունապետ Ռաւ Իսհաք Հալեւա եւ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու այլ հոգեւոր առաջնորդներ հրաւիրուած էին այս ձեռնարկին՝ ներառեալ, Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։

«İstanbul Kültür A.Ş.»ի կողմէ հրատարակութեան պատրաստուած այս գիրքին մէջ բազմակողմանի տեղեկութիւններ եւ որակաւոր տեսողական առարկաներ կը գտնուին քաղաքին բնորոշ բոլոր վաղեմի մշակոյթներուն մասին։ Հրատարակիչները Իսթանպուլի մէջ հայոց ներկայութեան եւ հետքերուն վերաբերեալ բաժինը պատրաստելու համար համագործակցած են Սարօ Տատեանի հետ։

ՃՀՓ-ի նախկին կուսակցապետներէն Ալթան Էօյմէնի մասնակցութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկին ժամանակ ներկաները շնորհաւորութիւններ փոխանակեցին նաեւ քրիստոնեայ աշխարհի Ս. Ծնունդին եւ հրէից «Հանուքա» տօնին բերումով։ Բոլորի հասարակաց մաղթանքն էր, որ Իսթանպուլի գոյները երբեք չգունատին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2020