ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ. «ՄԵՆՔ ԿԸ ՓՈՐՁԵՆՔ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼ ԿԻՊՐՈՍԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԹՈՒՐՔԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ»

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Ազգային մեծ ժողովէն ներս ելոյթ մը ունենալով կրկին անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին, ինչ որ արձագանգ գտած է նաեւ հայկական աղբիւրներու մօտ։ Նախագահ Էրտողան այս առթիւ հերթական անգամ քննադատեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրները՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Ռուսաստանն ու Ֆրանսան։ Ան յիշեցուց, որ երեսուն տարի շարունակ անոնք չէին կարողացած այս խնդիրը լուծել։ «Ի վերջոյ, մեր ատրպէյճանցի եղբայրները որոշում առին եւ ազատագրեցին իրենց հողերը», ըսաւ նախագահ Էրտողան։

Անդրադառնալով սահմանակից պետութիւններու հետ յարաբերութիւններուն՝ նախագահ Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիա տարածքային պահանջ չունի որեւէ պետութենէ՝ ներառեալ հարեւան երկիրները։ «Մենք ընդամէնը կը հակադարձենք այն մարտահրաւէրներուն, որոնք կը յայտնուին մեր երկրի ինքնիշխանութեան եւ իրաւունքներուն դէմ։ Մենք կը փորձենք պաշտպանել Կիպրոսի եւ Ատրպէյճանի թուրքերու իրաւունքները», ըսաւ Էրտողան, որու խօսքերուն արձագանգ հանդիսացան նաեւ Ատրպէյճանի լրատուամիջոցները։ 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2020