ԱՆՆԻԿ ԺԻՐԱՐՏԷՆԻ ԱՅՑԸ
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան զարգացման ու ֆրանսախօսութեան գծով պետական քարտուղար Աննիկ Ժիրարտէն շաբաթավերջին շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Հարկ է նշել, որ ան միեւնոյն ժամանակ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան մօտ անձնական ներկայացուցիչն է՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի։ Երեւանի մէջ Ժիրարտէն հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ան այցելեց նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։ Ժիրարտէն ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեանի մօտ կայացած զրոյցի ընթացքին երկուստեք գոհունակութիւն յայտնուեցաւ հայ-ֆրանսական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու, պատմամշակութային ամուր հիմքի վրայ խարսխուած հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան մասին։ Սերժ Սարգսեան այդ առումով օրինաչափ համարեց, որ Հայաստանի անկախացումէն վերջ հայ-ֆրանսական միջպետական յարաբերութիւնները մշտապէս ունեցած են վերընթաց զարգացում՝ նկատելիօրէն աշխուժացած են բարձրաստիճան քաղաքական երկխօսութիւնը, միջխորհրդարանական կապերը, նոր կապեր մշակուած են երկու երկիրներու քաղաքներուն միջեւ, ընդլայնուած է տնտեսական համագործակցութիւնը։