ԻՐԱՆԻ ԵՒ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ

Թեհ­րա­նի եւ Փե­քի­նի մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կը զար­գա­նայ նոր թա­փով։ Շա­բա­թա­վեր­ջին Ի­րա­նի եւ Չի­նաս­տա­նի մի­ջեւ կնքուե­ցաւ ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գիր մը, որ կ՚ընդգրկէ քսանհինգ տա­րուան ժամ­կէտ մը։

Չի­նաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սի Ցզին­փին դէ­պի Թեհ­րան կա­տա­րած պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նիի կող­մէ։ Չի­նա­ցի ղե­կա­վա­րը տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Ի­րա­նի Հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ Ա­յէ­թուլ­լահ Ա­լի Հա­մա­նէ­յի հետ։ Բարձր մա­կար­դա­կի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ կող­մե­րուն մի­ջեւ ստո­րագ­րուե­ցաւ 17 հա­մա­ձայ­նա­գիր։ Ի­րան-Փե­քին յա­ռա­ջի­կայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռաջ­նա­հերթ ուղ­ղու­թիւն­նե­րը պի­տի ըլ­լան ու­ժա­նիւ­թը, ելմ­տա­կան բնա­գա­ւա­ռը, ար­դիւ­նա­բե­րու­թիւ­նը, բնա­պահ­պա­նու­թիւնն ու թեք­նիկ ո­լոր­տէ ներս կա­պե­րը։ Կող­մե­րը շօ­շա­փած են նաեւ ծո­վա­յին «Մե­տաք­սի ճա­նա­պարհ» մը զար­գաց­նե­լու հե­ռան­կար­նե­րը։

Ըստ Թեհ­րա­նէն հա­սած լու­րե­րուն, Ի­րան եւ Չի­նաս­տան կը ծրագ­րեն յա­ռա­ջի­կայ տասն տա­րուան ըն­թաց­քին ի­րենց ա­ռեւտ­րաշր­ջա­նա­ռու­թեան ծա­ւա­լը հասց­նել 600 մի­լիառ տո­լա­րի։

Երկուշաբթի, Յունուար 25, 2016