ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ ԱՒԱՐՏԱԾ
Օքսֆորտ համալսարանին մէջ կազմակերպուած «Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն» խորագրեալ խորհրդաժողովը շաբաթավերջին հասաւ իր աւարտին։ Հրաչ Չիլինկիրեանի եւ Թէօ ֆան Լինտի մասնագիտական վերահսկողութեան ներքեւ կազմակերպուած այս ծրագրին զօրակցած էր Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժինը։ Հիւրընկալ համալսարանի Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէի Հայկական ամպիոնին կողմէ կեանքի կոչուած նախագծին շրջագծով քննարկուեցան արեւմտահայերէնի դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներն ու անոնց յաղթահարման եզրերը, ինչպէս նաեւ հեռանկարները։
Ծանօթ է, որ այս համաժողովին մասնակցեցաւ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագիր Սեւան Տէյիրմենճեան, որ հանդէս եկաւ նաեւ ելոյթով մը։