Ռուբէն Վարդանեան՝ «Տարուան Մարդ»ը
Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան լրատուական եւ վերլուծական հաղորդումներու տնօրէն, հեռուստամեկնաբան Գէորգ Ալթունեան «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեանին յանձնած է «Առաջին լրատուական» ծառայութեան ամենամեայ մրցանակը։ Ըստ Առաջին ալիք Հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնին, Ռուբէն Վարդանեան արժանացած է «Առաջին լրատուական»ի 2015 թուականի «Տարուան մարդ» տիտղոսին: Մրցանակը շնորհուած է 2015 թուականին մեկնարկած 100 LIVES նախագիծին եւ անոր ծիրէն ներս հիմնուած «Աւրորա» միջազգային մարդասիրական մրցանակին, ինչպէս նաեւ Վիրահայոց Թեմի Ս. Գէորգ առաջնորդանիստ տաճարի վերականգնման ծրագրին համար: Ռուբէն Վարդանեան հիւրընկալուած է նաեւ «Հանրային օրակարգ» հաղորդաշարին։