ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ՌՈՒՀԱՆԻ ԽՕՍԵՑԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք քննարկեցին հայ-իրանական բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան ընթացքին վերաբերեալ նիւթեր։ Երկու նախագահները շօշափեցին նաեւ միջազգային եւ տարածքաշրջանային օրակարգի շարք մը արդի հարցերը։
Սերժ Սարգսեան եւ Հասան Ռուհանի կարծիքներ փոխանակեցին Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ վերջին համաձայնութիւններու իրագործման պայմաններուն ներքեւ երկկողմանի կապերու հետագայ զարգացման նոր հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ։ Անոնք անդրադարձան այդ բոլորի դրական ազդեցութեան՝ ուղղուած տարածքաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման։ Այդ համատեսքին մէջ զրուցակիցները համակարծիք եղան, որ անհրաժեշտ կամքի դրսեւորման պարագային, բանակցութիւններու շնորհիւ կարելի է լուծումներ գտնել ամէն հարցի։
Հասան Ռուհանի ընդգծեց Հայաստանի հետ բարիդրացիական, սերտ գործընկերային յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման, համագործակցութեան ընդլայնման ու խորացման ուղղութեամբ աշխոյժ աշխատանք իրականացնելու շուրջ իր երկրի պատրաստակամութիւնը։ Երկու նախագահները կարեւորեցին շարունակել կողմերու համատեղ ջանքերուն շնորհիւ արդիւնաւէտ եւ անխափան համագործակցութիւնը բարձր մակարդակի վրայ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու եւ հեռանկարային նոր նախաձեռնութիւններու իրագործման ուղղութեամբ՝ առաւելագոյնս օգտագործելով ներկայ ամբողջ ներուժը։
Հեռախօսազրոյցի ընթացքին համաձայնեցուեցաւ նաեւ յառաջիկայ հանդիպումներուն ծրագիրը։