ՖԵՏԵՐԻՔԱ ՄՈԿԵՐԻՆԻԻ ԱՆԳԱՐԱ ԱՅՑԸ
Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերքիա Մոկերինի այսօր շփումներ կ՚ունենայ Անգարայի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Դէպի Թուրքիա պաշտօնական այցելութեան ընթացքին իրեն կ՚ընկերանան Եւրոյանձնաժողովի Ընդլայնման ու հարեւանութեան քաղաքականութեան գծով կոմիսար Եոհաննէս Հան եւ Մարդասիրական օժանդակութեան ու ճգնաժամերու կառավարման գծով կոմիսար Խրիստոս Սթիլիանիտէս։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ֆետերիքա Մոկերինի Անգարայի մէջ կը հիւրընկալուի Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի կողմէ։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու ընթացքին վերաբերեալ հարցեր։ Ծանօթ է, որ ներկայիս կ՚ակըն-կալուի Անգարայի լիիրաւ անդամակցութեան ուղղեալ բանակցութիւններուն թափ ստանալը եւ Թուրքիոյ քաղաքացիներու առանց վիզայի անհրաժեշտութեան Շենկէնի գօտի մուտք գործելը։ Կողմերը այս շրջանին սերտ համագործակցութեան մէջ կը գտնուին նաեւ փախստականներու հարցին շուրջ։ Մերձաւոր Արեւելքէն խոյս տուած փախստականները կ՚ուղեւորուին դէպի Եւրոպա, ինչ որ Անգարա-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ ձեւաւորուած է նոր օրակարգ մը։ Վերջին շրջաններուն կողմերուն միջեւ գոյացած են շարք մը համաձայնութիւններ, սակայն արդիւնքներուն շուրջ յաճախակիօրէն կը հնչեն քննադատութիւններ։ Շարք մը եւրոպական երկիրներ կը բարձրաձայնեն համագործակցութեան անբաւարար արդիւնքը, որովհետեւ գաղթականներու հոսքը չի դադրիր դէպի Եւրոպա։ Այս ամբողջին մէջ Աւստրիոյ իշխանութիւնները վերջերս արմատական մօտեցում մը արտայայտեցին՝ պահանջելով Յունաստանի շենկէնեան գօտիէն դուրս թողուիլը, եթէ փախստականներու հոսքը չդադրի։ Իսկ Աթէքնի ղեկավարութիւնը այս առումով մեղադրանքներ կը հասցէագրէ Անգարային։ Վերջին օրերուն Թուրքիա վերահաստատեց իր կամքը այս հարցին վերաբերեալ, իսկ Ֆետերիքա Մոկերինիի այսօրուան շփումները առիթ կ՚ընձեռեն այս բոլոր խնդիրներու մանրամասն քննարկման։