ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, երկու ղեկավարներու հեռախօսազրոյցին ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը։ Այս ծիրին մէջ Էրտողան մատնանը-շեց, որ ամերիկեան կողմը վերջ պէտք է տայ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի ի նպաստ զէնքի ու զինամթերքի մատակարարումներուն։
Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած «Ձիթենիի ճիւղ» լայնածաւալ գործողութիւններու շարունակուած օրերուն զուգադիպեցաւ Էրտողան-Թրամփ հեռախօսազրոյցը։ Երկու նախագահները անդրադարձան Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն եւ Թուրքիոյ կողմէ Աֆրինի համար ձեռնարկուած գործողութիւններուն։ Այս բոլորին շուրջ կարծիքի փոխանակումներ ունենալու զուգահեռ երկու նախագահները կանգ առին նաեւ Անգարա-Ուաշինկթըն համատեղ օրակարգի նիւթերուն վրայ։ Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիա այս գործողութիւնները կ՚իրականացնէ՝ միջազգային իրաւունքէն եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի որոշումներէն բխած՝ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքներուն հիման վրայ։ Արդարեւ, Թուրքիա սեփական ազգային անվտանգութեան համար կը նախատեսէ Աֆրինը մաքրագործել ահաբեկչական տարրերէն։ Հետեւաբար, Թրամփի հետ զրուցելու ընթացքին Էրտողան ընդգծեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ երկկողմանի համագործակցութեան կարեւորութիւնը։ Ի շարունակութիւն, հանրապետութեան նախագահը հերթական անգամ շեշտեց, որ ԱՄՆ պէտք է դադրեցնէ զէնք ու զինամթերքի մատակարարումը՝ ի նպաստ ՓԵՏ-ԵՓԿ -ին, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջանակներուն մէջ։
Հեռախօսազրոյցի ժամանակ Էրտողան եւ Թրամփ վերահաստատեցին իրենց վճռակամութիւնը՝ որպէսզի թէ՛ Սուրիոյ տագնապի պարագային եւ թէ երկկողմանի նիւթերու շուրջ համագործակցութեան ուղղութեամբ ըլլան անմիջական շփման մէջ։
Հարկ է նշել, որ Էրտողան-Թրամփ հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի կողմէ կատարուած պաշտօնական հաղորդումներուն մէջ եղան կարգ մը տարբերութիւններ։ Թրքական կողմը անմիջապէս արձագանգեց ամերիկեան կողմի տարածած հաղորդագրութեան։ Ուաշինկթընի կողմէ այս տեսակցութեան շուրջ կատարուած հրապարակումներուն մէջ կային զանազան երանգաւորումներ, որոնց համամիտ չգտնուեցաւ թրքական կողմը։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրները անմիջապէս հերքումով եւ պարզաբանումներով հանդէս եկան Էրտողան-Թրամփ հեռախօսազրոյցին առընչութեամբ։
Միւս կողմէ, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները երէկ հանդէս եկան յայտարարութիւնով մը՝ երբ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններուն հինգերորդ օրը աւարտած է։ Գործողութիւններու հինգերորդ օրուան տեւողութեան 27 ռազմաօդանաւերով ոչնչացուեցան ահաբեկչական 47 թիրախներ։ Ցարդ աւելի քան 287 ահաբեկիչ ոչնչացուած է այս գործողութիւններուն ծիրէն ներս։
Բանակի աղբիւրները ընդգծեցին, որ գետնի վրայ գոյութիւն ունին բարդ պայմաններ, որոնց վրայ կու գան աւելնալ բնակլիմայական դժուար պայմանները եւ ՓԵՏ-ՓՔՔ-ի կողմէ լարուած ծուղակները։ Այս բոլորով հանդերձ, «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները կը շարունակուին անվտանգ ձեւով։
Ըստ նոյն յայտարարութեան ընդգրկած տուեալներուն, Սուրիոյ տարածքի մէկ քառորդը, իսկ Թուրքիա-Սուրիա սահմանի 65 տոկոսը կը գտնուին ահաբեկչական կազմակերպութեան վերահսկողութեան ներքեւ։