Շաբաթ 25, Յունուար 2025
«ՔԱԼԱՇՆԻՔՈՎ»Ի ՀԵՏ ԳՈՐԾԱՐՔ
«Քալաշնիքով» ընկերութիւնը «ԱԿ-12» 50 նոր գնդացիրներ պիտի մատակարարէ Հայաստանին: Այս մասին, ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ յունուարի 24-ին յայտնած է «Քոմերսանթ» թերթը:
«Պարտաւորագիրը ստորագրուած է. առայժմ մենք կը պատրաստենք ոչ մեծ խմբաքանակ, ուր պիտի ըլլայ շուրջ 50 գնդացիր։ Անոնք պիտի նային, փորձեն գործնականօրէն եւ յոյսով ենք պիտի շարունակեն գնել», ըսած է ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Վլատիմիր Տիմիթրեւ, թերթին տուած հարցազրոյցին:
Ան նաեւ ճշդած է, որ Հայաստան պիտի դառնայ արտասահմանեան առաջին երկիրը, որ պիտի գնէ «ԱԿ-12» գնդացիրներ։
Ուրբաթ, Յունուար 25, 2019