ԱՌԱՋԻՆ ՏԻԿԻՆ ՆՈՒՆԷ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԲԱՐԻ ՏՆԱԿ» ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ ԿԱՑԱՐԱՆ

Հայաստանի Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան երէկ այցելեց «Բարի մամա» բարեգործական կազմակերպութեան կողմէ հովանաւորուած «Բարի տնակ» մանկական ժամանակաւոր կացարանը։ Նունէ Սարգսեան այս առթիւ ծանօթացաւ առանձնայատուկ առաքելութեամբ այս կառոյցի ընթացիկ գործունէութեան եւ զարգացման հեռանկարներուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, իր ուղեւորութեան հետեւեցան նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչները։

«Բարի տնակ»է ներս վերջերս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի նուիրատուութիւնով կատարուեցան շինարարական աշխատանքներ, որոնց նպատակն էր հաշմանդամ երեխաներու եւ անոնց կենսաբանական ընտանիքներու միաւորումը, նաեւ ջեռուցման հարցի լուծումը։ Այցելութեան ընթացքին Նունէ Սարգսեան յոյս յայտնեց, որ նախաձեռնութիւնը կ՚ունենայ յաջող ապագայ։

Իր կարգին, «Բարի մամա» կազմակերպութեան ընկերային ծրագրերու ղեկավար Զարուհի Պետրոսեանն ալ յայտնեց, որ իրենց մօտ կը բնակին ընկերային առումով անապահով ընտանիքներու երեխաները, որոնք ունին խնամքի եւ բուժման կարիք։

Նորահաստատ այս կառոյցէն ներս կը նախատեսուի կազմակերպել զանազան թերափիներ երեխաներուն համար, նաեւ ստեղծել ապաստան 18 տարեկանը լրացուցած այս մանկատան հաշմանդամ սաներուն համար, որոնք երթալու տեղ չունին։ Բաց աստի, պիտի կազմակերպուին մէկ-երկու շաբաթուան դասընթացքներ այն մայրերուն համար, որոնք պատկերացում չունին հաշմանդամ երեխայի խնամքի մասին։

Ուրբաթ, Յունուար 25, 2019