ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՒՆԻ ԱԶԱՏ ՀԱՄԱՑԱՆՑ
«Freedom House» մարդ-կային իրաւանց պաշտպանութեան կազմակերպութեան 2018 թուականի զեկոյցին համաձայն՝ համացանցի ազատութեան ցուցիչով (index) Հայաստանը «մասամբ ազատ»էն անցած է «ազատ» երկիրներու շարք: Արդիւնքները կազմուած են քաղաքական իրաւունքներու եւ քաղաքացիական ազատութիւններու հիման վրայ:
Կը նշուի, որ Հայաստանի մէջ համացանցի ազատութիւնը բարելաւուած է երբ քաղաքացիներուն ընձեռուած է ընկերային ցանցերը աւելի արդիւնաւէտ գործածելու միջոցները, հաղորդակցութեան, ուղղակի սփռումներու կարելիութիւնները: Այս զարգացումները արձանագրուած են 2018 թուականի ապրիլէն սկսեալ, երբ կտրուկ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան քաղաքական դաշտին մէջ: Ընկերային ցանցերու աշխուժութիւնն ու ուղղակի սփռումները կարեւոր դեր խաղացած են թաւշեայ յեղափոխութեան մէջ:
Զեկոյցին մէջ նաեւ կը նշուի, որ համացանցի հասանելիութիւնը հետզհետէ կը զարգանայ Հայաստանի մէջ: