ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԸ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵՆ ՎՆԱՍՈՒԱԾ ՁԵՌԱԳՐԵՐ

Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» հին ձեռագրերու Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան յայտարարած է, թէ վերջին տարիներուն Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու մէջ վնասուած ձեռագրերը պիտի վերականգնուին Մատենադարանին մէջ, Հայաստանի մասնագէտներու օգնութեամբ:

«Կը նախատեսուի իրականացնել նոր խոշոր ծրագիր մը, որու հիմքերը դրուած են 2018 թուականին։ Լիբանանէն եւ Սուրիայէն ձեռագրերու ինն վերականգնող ԻՒՆԷՍՔՕ-ի աջակցութեամբ եկան Հայաստան եւ Մատենադարանի մասնագէտները մէկշաբաթեայ դասընթացք կազմակերպեցին՝ որակաւորման բարձրացման, գիտելիքներու խորացման նպատակով։ Ըսեմ, որ մեր գործընկերները շատ գոհ էին արդիւնքներէն։ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համար ան համարուեցաւ յաջող ծրագրերէն մէկը», ըսած է Վահան Տէր-Ղեւոնդեան:

Կատարուած աշխատանքին հիման վրայ՝ դրուած են աւելի խոշոր ծրագրի մը հիմքերը: Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ վերջին տարիներուն մշակութային արժէքները մեծապէս վնասուած են, բաւական տուժած են: Ըստ Վահան Տէր-Ղեւոնդեանի՝ կը նախատեսուի, որ Մատենադարանը դառնայ տարածքաշրջանային կեդրոն նման ձեռագրերու վերականգնման համար:

«Անոնք խումբ առ խումբ կը բերուին Հայաստան, կը վերականգնուին եւ կը վերադարձուին։ Սա, կը կարծեմ, կ՚ունենայ ինչպէս մշակութային, այնպէս ալ քաղաքական նշանակութիւն։ Ուրախութեամբ կ՚ուզեմ ըսել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէն Օտրէ Ազուլէի միջեւ վերջերս կայացած հանդիպման եւս այդ հարցը քննարկուած է։ Կը սպասենք ծրագրի վերջնական հաստատման», ըսած է Մատենադարանի տնօրէնը:

Ուրբաթ, Յունուար 25, 2019