ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ-ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՀՅԴ-Ի ՊԻՒՐՈՅԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) 33-րդ ընդհանուր ժողովը, որ կազմակերպուած էր Արցախի մէջ, հասաւ իր աւարտին։ ՀՅԴ-ի ընդհանուր ժողովէն վերջ հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը, որու բովանդակութեան մէջ ընդգծուեցաւ կուսակցութեան զօրակցութիւնը Արցախի համար։ Ընդհանուր ժողովի ժամանակ ընտրուեցաւ նաեւ կուսակցութեան նոր ղեկավարութիւնը։ Այսպէս, Դաշնակցութեան պիւրոյի նոր ներկայացուցիչը եղաւ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան, որ կուսակցութեան Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղի ղեկավարներէն մին էր։

Ուրբաթ, Յունուար 25, 2019