ՊԱՏՈՒՈՅ ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ

Նոթրը Տամ տը Սիոն ֆրանսական լիսէն վերջին օրերուն մեծարեց իր յաջող շրջանաւարտուհիները, որոնք իրենց ներդրումը կը բերեն գիտական աշխարհին։ Անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ խոր աւանդոյթներով այս ֆրանսական լիսէի տարեկան շրջանաւարտից հաւաքը, որ համախմբեց հաստատութեան զանազան սերունդներէ սաները։ Այս հաւաքոյթի ընթացքին դպրոցի պատուոյ մրցանակները յանձնուեցան չորս գիտնականներու, որոնք Նոթրը Տամ տը Սիոն լիսէէն հասած ըլլալով կարեւոր դիրքերու հասած են գիտական ասպարէզի մէջ։ Այդ մեծարեալներու շարքին էր Փրոֆ. Լիւսի Քարայեան Թափոն, որ բարձր գնահատանքի արժանացաւ Ֆրանսայի մէջ ծաւալած բժշկական աշխատանքով։ 1981 թուականին լիսէն աւարտելով բարձրագոյն ուսման համար ան մեկնած է Ֆրանսա, ուր Մոն Փելիէի համալսարանէն ներս ուսանած է բժշկութիւն։ Ներկայիս ան Փուաթիէի համալսարանէն ներս հետազօտութիւններ կը ղեկավարէ՝ որպէս քաղցկեղագէտ։ Փրոֆ. Լիւսի Քարայեան Թափոն կը գլխաւորէ համալսարանի օնքոլոժիի ամպիոնը, նոյն համալսարանէն ներս տասն տարիէ ի վեր կ՚անդամակցի գիտական խորհուրդին եւ միեւնոյն ժամանակ հեղինակն է շարք մը գիտական յօդուածներու ու հետազօտութիւններու։

Փրոֆ. Լիւսի Քարայեան Թափոնի առընթեր պատուոյ մրցանակներ ստացան նաեւ՝ Զիվա Ազարիա տը Էսքինազի, Փրոֆ. Արզու Ուզունէր եւ Փրոֆ. Մելէք Ֆրատ։

Ուրբաթ, Յունուար 25, 2019