Շաբաթ 25, Յունուար 2025
ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐՈՒ ՎՏԱՆԳՆԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը հանդէս եկաւ նախազգուշացումներով՝ ընկերային ցանցերու վտանգներուն շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մամլոյ ծառայութիւնը հրապարակեց Սրբազան Քահանայապետի պատգամը՝ Ընկերային հաղորդակցումներու համաշխարհային օրուան առթիւ։
Քահանայապետը այս առթիւ նշեց, որ կ՚ընդունի ընկերային ցանցերու դրական դերը, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, նախազգուշացուց, թէ անոնք կրնան պարունակել նաեւ որոշ վտանգներ։ Ուստի, ան համոզուած է, թէ պատասխանատուութիւն կը պահանջուի օգտատիրոջ կողմէ։
Ուրբաթ, Յունուար 25, 2019