ԱՐ­եւու Օ­ՂԱ­ԿԱ­ՁԵՒ ԽԱ­ւԱՐՈՒՄ

Վա­ղը՝ Փետ­րուա­րի 26-ին, Երկ­րի բնա­կիչ­նե­րը կրնան ե­զա­կի աստ­ղա­գի­տա­կան եր­ե­ւոյ­թի հե­տե­ւիլ՝ ա­րե­ւու օ­ղա­կա­ձեւ խա­ւար­մա­ն: «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­մա­ձայն, ա­րե­ւու օ­ղա­կա­ձեւ խա­ւա­րու­մը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ այն պա­հուն, երբ երկ­նա­կա­մա­րին վրայ կը կրճատ­ուին Լուս­նի եւ Երկ­րի մա­կեր­ե­ւոյ­թի ստուեր­նե­րը: Լու­սի­նը կը ծած­կէ ա­րե­ւու սկա­ւա­ռա­կի փոքր մէկ հատ­ուա­ծը, իսկ դի­տե­լու հա­մար հա­սա­նե­լի կ՚ըլ­լայ ոչ-մեծ նեղ եզ­րը:

Խա­ւա­րու­մը ա­ւե­լի լաւ նկա­տե­լի կ՚ըլ­լայ Երկ­րի հա­րա­ւա­յին կի­սա­գուն­դի մի­ջին եւ մեր­ձա­րե­ւա­դար­ձա­յին լայ­նու­թիւն­նե­րուն մէջ: Ե­րե­ւոյ­թը ա­ւե­լի լաւ կրնան տես­նել Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի՝ Չի­լիի եւ Ար­ժան­թի­նի բնա­կիչ­նե­րը: Խա­ւա­րու­մը կը դիտ­ուի նաեւ հա­րա­ւ­-ափ­րի­կեան շարք մը եր­կիր­նե­րու մէջ:

Այն, որ խա­ւա­րու­մը կա­րե­լի է տես­նել միայն ո­րոշ եր­կիր­նե­րու մէջ, գիտ­նա­կան­նե­րը կը բա­ցատ­րեն Երկ­րի վրայ Լուս­նի ստուե­րի մա­կե­րե­սով, ո­ր կը կազ­մէ 270 քա­ռա­կու­սի քի­լօ­մեթր:

Միւս կող­մէ, գիտ­նա­կան­նե­րը կը զգու­շաց­նեն, որ նման կար­գի ե­րե­ւոյթ­նե­րը կ՚ազ­դեն մարդ­ոց ինք­նազ­գա­ցո­ղու­թեան վրայ, ուս­տի ա­րե­ւու խա­ւար­ման օ­րե­րուն հարկ է ա­ռող­ջու­թեան նկատ­մամբ ա­ւե­լի ու­շա­դիր ըլ­լալ:

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2017