ՄՈՒՍԹԱՖԱ ՇԵՆԹՈՓ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵԾ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀ

ԱՔ կուսակցութեան Թեքիրտաղի երեսփոխան Մուսթաֆա Շենթոփ ընտրուեցաւ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ։ Ինչպէս ծանօթ է, խորհրդարանի նախագահի աթոռը թափուր մնացած էր Պինալի Եըլտըրըմի հրաժարականով, որովհետեւ ան Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած էր ԱՔ կուսակցութեան եւ «Ճումհուր» դաշինքին կողմէ։

Խորհրդարանէն ներս երէկ 542 երեսփոխանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ քուէարկութիւն՝ նոր նախագահի ընտրութեան համար։ Արդիւնքին, քուէարկութեան երրորդ փուլէն վերջ Մուսթաֆա Շենթոփ ապահովեց 336 երեսփոխանի քուէն եւ դարձաւ խորհրդարանի նախագահ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 25, 2019