ԱՆՇԵՂ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց դասու հաւաք։ 2020 թուականի հոգեւորականաց առաջին ժողովն էր այս մէկը՝ նախագահութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։ Արեւմտեան թեմէն ներս աւանդութիւն դարձած է, որ Ս. Ղեւոնդեանց տօնին առթիւ կը համախմբուին հոգեւոր սպասաւորները։ Այս տարի եւս այդ սովորութիւնը գտաւ իր շարունակութիւնը։
Պըրպենքի Առաջնորդարանի դիւանի հաղորդումներով, առաւօտեան տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն, որմէ յետոյ սրբազան հօր աղօթքով եւ շնորհաւորական խօսքով՝ նուիրուած Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին, «Արմէն Համբար» սրահի երդիքին տակ սկսաւ հոգեւորականաց ժողովը։ Շնորհաւորելով եւ իր բարեմաղթութիւնները յղելով Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առթիւ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան ի մասնաւորի կարեւորեց իրարու նկատմամբ հոգածութիւն դրսեւորելու, հովուուական կեանքի մէջ առաւելագոյնը ներդնելու կարողութիւնը։ Ան ըսաւ. «Բոլորս անխտիր մեր առօրեային մէջ բազում փորձութիւններու առջեւ կը կանգնինք։ Բոլորը կը յաղթահարենք, երբ մեր հաւատքը կեանքի կը կոչենք գործնապէս կեդրոնացած ըլլալով մեր հոգեւոր առաքելութեան վրայ եւ ի մասնաւորի իրարու նկատմամբ ցուցաբերած յարգանքով ու սիրով»։
Հաւաքի սկիզբին թեմակալ առաջնորդը մանրամասն ներկայացուց 20 կէտէ բաղկացեալ կարեւոր ծրագիր մը, որու շնորհիւ նոր թափ եւ զարգացում կրնայ ապրիլ ամէն եկեղեցի՝ լոյս սփռելով թեմական կեանքի վրայ։ Այս շարքին մէջ էր՝ Reclim-ի կազմակերպումը, որ այս տարի նուիրուած է Սուրբ Էջմիածնին (մանրամասնեց Տ. Վազգէն Քհնյ. Մովսիսեան), թեմական կեանքի կազմակերպումը վերազինելու ուղղեալ նոր թուային ծրագրեր ներդնելու քայլերը (ներկայացուց Առաջնորդարանի վարիչ-տնօրէն Յարութ Մարգարեան), ինչպէս նաեւ նոյեմբերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուելիք Ազգային-եկեղեցական ժողովին ընդառաջ նախատեսուած կազմակերպչական եւ պատգամաւորներու ընտրութեան հարցերը։
Տիրան Աւագեան խօսեցաւ թեմի եկեղեցիներու տարեկան անդամական ժողովներու կազմակերպման հարցերու մասին։ Hye camp-ի գործունէութիւնը ներկայացուց Տ. Գրիգոր Քհնյ. Զաքարեան։ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան ուշադրութիւն հրաւիրեց նաեւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան ծրագրին ի նպաստ հանգանակութեան կարեւորութեան վրայ։
Շուրջօրեայ աշխատանքի աւարտին, երեկոյեան Ս. Ղեւոնդեանց Առաջնորդանիստ Մայր տաճարի մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Յարութիւնեանի, որ խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։