Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ԷՐՏՈՂԱՆ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Պաքու՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրով։ Երկու նախագահները կը գլխաւորեն Թուրքիա-Ատրպէյճան Բարձր մակարդակով ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի 8-րդ ժողովը։
Բանակցութիւններու ծիրին մէջ կողմերը կարծիքի փոխանակումներ կ՚ունենան նաեւ տարածքաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով խնդիրներու շուրջ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Պաքուի քննարկումներուն ժամանակ օրակարգի վրայ կու գան երկկողմանի համագործակցութիւնը բոլոր ուղղութիւններով ա՛լ աւելի խորացնելու հեռանկարները։ Ժողովին զուգահեռ նախատեսուած է նաեւ երկու երկիրներու միջեւ շարք մը համաձայնագրերու ստորագրում։
Երեքշաբթի, Փետրուար 25, 2020