ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան նախընթաց օր Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլին, որ երկրաշարժին յաջորդած իրավիճակին մէջ զօրակցութեան այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս նախագահ Էրտողան պաշտօնական արարողութիւնով դիմաւորեց վրացի վարչապետը։ Իրակլի Ղարիպաշվիլի ցաւակցութիւն յայտնեց Էրտողանին։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ իրերայաջորդ երկրաշարժներու ծանր հետեւանքներու յաղթահարման ուղղութեամբ ձեռնարկուած լայնածաւալ աշխատանքներուն եւ Վրաստանէն հասած մարդասիրական օժանդակութեան։

Իրակլի Ղարիպաշվիլի հանդիպումէն վերջ ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը տեղեկացուց, որ շօշափուած են նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Ըստ իրեն, Անգարա եւ Թիֆլիզ պիտի շարունակեն ջանքեր գործադրել՝ ամբողջ տարածաշրջանին ի նպաստ։

Մայրաքաղաքէն հրաժեշտ առնելէ վերջ, Իրակլի Ղարիպաշվիլի այցելեց նաեւ աղէտի գօտի՝ Հաթայ։

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2023